ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը վերջին օրերուն շարունակուեցաւ Վիեննայի հերթական բանակցութիւններով։ Այսպէս, երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան նախընթաց օր երրորդ անգամ տեսակցեցան Վիեննայի մէջ։ Անգարայէն եւ Երեւանէն այս փուլին եւս կատարուեցան նոյն բովանդակութեամբ ամփոփ յայտարարութիւններ։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները տեղեկացուցին, որ յատուկ ներկայացուցիչները կրկնած են իրենց համաձայնութիւնը, որպէսզի այս գործընթացը առանց նախապայմաններու շարունակեն։ Անոնք վերահաստատած են աւելի առաջ հռչակուած նպատակը, որով կը նախատեսուի երկու երկիրներու միջեւ այս գործընթացին ճանապարհով ապահովել լիարժէք բնականոնացում։ Այս ծիրէն ներս յատուկ ներկայացուցիչները անկեղծ ու շինիչ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են իրենց շօշափելի տեսակէտներուն շուրջ եւ անդրադարձած են այն հաւանական քայլերուն, որոնք կրնան առնուիլ այս ուղղութեամբ շօշափելի զարգացում ապահովելու համար։

Միւս կողմէ, յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական ժամադրութեան զուգահեռ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երկու ղեկավարները Ռամազանի տօնին առթիւ փոխանակեցին շնորհաւորութիւններ։ Էրտողան ընդունեց՝ Ատրպէյճան այցելելու համար Ալիեւի կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրը։ Անոնք վստահութիւն յայտնեցին, թէ Անգարա-Պաքու յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ բոլոր ուղղութիւններով։

Ալիեւ վերջին օրերուն ընդունեց նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը եւ այս փուլին յայտնեց, որ Պաքու պատրաստ է բանակցութիւններու սկսելու Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ։

Մինչ այդ, Ալիեւ տեսաժողովի մը ընթացքին երէկ ալ յայտնեց, որ Զանգեզուրի միջանցքը արդէն իրականութիւն է։

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022