ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԺԱՄԱՆՑԻ ԿԵԴՐՈՆ
Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայաստան» շարժանկարի սրահի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Համալիրէն ներս տեղի ունեցած շրջայցի ընթացքին Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ 2013 թուականէն ի վեր իրականացուած վերանորոգման աշխատանքներուն։ Շուրջ 8 միլիոն ամերկեան տոլարի համարժէք ներդրումով այնտեղ ստեղծուած է ժամանակակից ընտանեկան ժամանցի կեդրոն մը, որ կ՚ընդգրկէ խաղասրահներ, երաժշտական ժամանցի կեդրոն եւ այլ բազում հնարաւորութիւններ։
Ընտանեկան հանգիստը կազմակերպելու համար այս ընդարձակ համալիրէն ներս կը գործեն նաեւ սնունդի կէտեր, սրճարաններ։ Պատասխանատուներու հաւաստիացմամբ, կը նախատեսուի, որ քանի մը ամիս վերջ սկսի գործել կեդրոնի երաժշտական ժամանցի բաժինը։ Շարժանկարի սրահի վերակառուցման զուգահեռ բարեկարգուած է նաեւ յարակից շուրջ մէկ հեքթար տարածութեամբ պարտէզը, ուր տնկուած են հինգ հարիւր տեսակ ծառեր։ Հիմնովին նոր ձեւաւորումով կառուցուած է պարտէզի եւ շէնքի լուսաւորութիւնը, վերանորոգուած են նաեւ շատրուանները։
Այս կեդրոնէն ներս պիտի իրականացուին նաեւ բարեգործական ծրագրեր, պիտի իրականացուին երիտասարդ շարժանկարի գործիչներու, շարժանկարի թեքնիկ մասնագէտներու ուսումնական դասընթացքներ։ Շարժանկարի դահլիճը այս տարի իր դռները պիտի բանայ նաեւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի մասնակիցներուն համար։ Այնտեղ պիտի ցուցադրուին փառատօնի ծրագրին մէջ ընդ-գըրկուած զանազան ժապաւէններ, պիտի հիւրասիրուին բեմադրիչներ, դերասաններ, պիտի կազմակերպուին քննարկումներ եւ ցուցադրութիւններ։
«Հայաստան» շարժանկարի դահլիճի համալիրէն ներս կատարած շրջայցին ընթացքին Սերժ Սարգսեանին ուղեկցեցան Հայաստանի Մշատոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, յայտնի գործարար Գագիկ Ծառուկեան եւ այլ պատասխանատուներ։
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեան թոռնիկներուն հետ այցելեց նաեւ Երեւանի կենդանաբանական այգին, ուր եւս շուրջ երկու տարիէ ի վեր կը տարուէին հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքներ։