ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները անպաշտօն հանդիպում մը պիտի ունենան Մինսքի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթին նպատակը պիտի ըլլայ վերջերս Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած ԵՄ-ի անդամ եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու գագաթաժողովի արդիւնքներուն ամփոփումը։
Սպիտակ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Մաքէյ յայտարարեց, թէ նախարարները անպաշտօն ձեւաչափի մը մէջ կարծիքի փոխանակումներ պիտի իրականացնեն այն մասին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է այս նախաձեռնութիւնը զարգանայ հետագային։ Իր խօսքերով սոյն հանդիպումը արդէն ծրագրաւորուած բնոյթ մը կը կրէ։