ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒՄ
Թուրքիա մօտէն կը հետեւի հայկական հարցին վերաբերեալ Պելժիոյ մէջ ապրուած վերջին խմորումներուն։ Տեղական մամուլը բոլորովին վերջերս տեղեկացուցած է, թէ Պելժիոյ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութեան տէր չորս կուսակցութիւններ ձեռնամուխ եղած են հայկական բանաձեւի մը ընդունման։ Այս կապակցութեամբ շարժման անցած է Անգարայի ղեկավարութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւս այս նիւթին անդրադարձած է հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ։ Վերջերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթի մը ընթացքին Չավուշօղլու տեսակցած է Պելժիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտէրսի հետ։ Այս առթիւ նախարարը դիտել տուած է, թէ նմանօրինակ բանաձեւերու ընդունման պարագային թրքական կողմը արդէն ետ կը կանչէ իր դեսպանը։ Բաց աստի, Չավուշօղլու աւելցուց, թէ Անգարա աշխատանք կը տանի պատժամիջոցներու մշակման ուղղութեամբ եւ ինք այս հանգամանքը յստակ յայտնած է պելժիացի պաշտօնակցի ուշադրութեան։
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Անգլիոյ խորհրդարանի Լորտերու պալատէն ներս Յունիսի 16-ին օրակարգի վրայ պիտի գայ հայկական հարցը։