ՊԱՔՈՒԻ ՁԳՏՈՒՄԸ ԱՆՓՈՓՈԽ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Ա. փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչի Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն արձագանգները կը շարունակուին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Տաչիչ արտայայտուած էր Պաքուի մէջ իրեն ներկայացուած առաջարկին շուրջ, որով Ատրպէյճան փափաք յայտնած է ընդլայնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն շրջագիծը եւ եռանախագահներու շարքին ընդգրկել նաեւ Գերմանիան ու Թուրքիան։ Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց այս առաջարկին ու տեղեկացուց, որ դէմ է այդպիսի կարգադրութեան մը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան միշտ ալ երազած է Թուրքիան միջնորդ տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, սակայն հայկական կողմը դէմ է այս բանին։ Երէկ, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին փոխ-նախարարը յստակօրէն դիտել տուաւ, թէ հայկական կողմը դէմ է, որ Թուրքիան որպէս միջնորդ հանդէս գայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։ «Սա միշտ ալ եղած է Ատրպէյճանի երազանքը։ Այդ երկրի խնդիրը ոչ թէ Գերմանիան է, իրական նպատակը Թուրքիան է, որ միանշանակ նոյնական է Ատրպէյճանին։ Տուեալ պարագային Գերմանիան յառաջ կը տանին նպատակի հասնելու համար, որպէսզի Թուրքիան ըլլայ միջնորդ։ Բնականաբար հայկական կողմը դէմ է այս բանին», ըսաւ Քոչարեան եւ աւելցուց, թէ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահը թէեւ փոխանցած է Ատրպէյճանի առաջարկը, սակայն հայկական կողմը ունի իր դիրքորոշումը։
Շաւարշ Քոչարեանի առընթեր երէկ նոյն նիւթին անդրադարձան նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Էտուար Շարմազանով եւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան։ Այս վերջինը նշեց, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորման հունի մէջ տեսնելու հետամուտ պետութիւններուն առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ Ատրպէյճանի ապակառուցողական գործողութիւններուն վերջ տրուիլը։ «Այդ երկիրները պէտք է Ատրպէյճանը բերեն դաշտի մը մէջ, ուր հնարաւոր պիտի ըլլայ խօսիլ բանակցային հարցերու շուրջ եւ թոյլ չտան, որ իւրաքանչիւր անգամ ձախողին ձեռքբերումները կամ ձախողի բանակցային գործընթացը», ըսաւ Զաքարեան։
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։