ՏԵՍԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Հայաստանի ուժանիւթի աղբիւրներու տեսակաւորման հարցը միշտ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ երկրին օրակարգը։ Ըստ էութեան, այս բնագաւառին մէջ երկրի միակ գործընկերը կը հանդիսանայ Ռուսաստան։ Տեսակաւորման իմաստով իրատես հեռանկարներ գոյութիւն կրնան ունենալ նաեւ Իրանին հետ, սակայն հակառակ երկու երկիրներու դրական յարաբերութիւններուն, այս ոլորտին մէջ երաշխաւորեալ տեսակաւորման պայմանները չեն գոյանար։
Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջին տարիներուն կը կառուցուի կազամուղ խողովակաշար մը։ Այս մէկը մեծ նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար, իր ռազմավարական բնոյթով հանդերձ։ Սոյն խողովակաշարին շուրջ խօսակցութիւնները ունին բաւական վաղեմութիւն։ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ շատ բան գրուած է այն մասին, թէ Իրանի հետ խողովակաշարը կը սահմանափակուի երկկողմանի հարթութեամբ, որովհետեւ ռուսական կողմը վերապահութիւններ ունի անոր տարանցիկ տարողութիւն ունենալուն շուրջ։ Իսկ բոլորովին վերջերս Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտէն ներս հիմնական տուեալը այն է, որ Ռուսաստան բաւական ձեռնտու գինով բնական կազ կը մատակարարէ երկրին։ Ներկայ հաւասարակշռութիւններու ձեւաւորման զուգահեռ՝ հաղորդուեցաւ նաեւ լուրեր, ըստ որոնց Հայաստան-Իրան կազամուղի վերջին հատուածը կը վաճառուի «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, այս մէկը ներկայ դրութեամբ Հայաստանի բնական կազի ընկերութիւնն է, սակայն խորքին մէջ «Կազփրոմ» ռուսական ընկերութեան Հայաստանի մասնաճիւղը կը նկատուի, որովհետեւ սեփականատէրը ամբողջութեամբ կը հանդիսանայ ռուսական կողմը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան յայտարարեց, թէ երկրի ուժանիւթի անվտանգութիւնը որեւէ ձեւով պիտի չտուժէ Իրան-Հայաստան կազատարի վերջին հատուածի «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան վաճառման պարագային։ «Սպասենք, գործարքը պիտի աւարտի, յետոյ պիտի ձեւաւորուի արդիւնքներուն վերաբերեալ վերջնական մօտեցումը։ Խնդիրը վերջին հատուածը տալը չէ, այնտեղ կայ կառավարման խնդիր։ Բնականաբար, կը կարծեմ, որ համակարգային մօտեցումներ կը ցուցաբերուին հարցին նկատմամբ։ Հայաստանի շահերն ու ուժանիւթի անվտանգութեան հարցերը պիտի չտուժեն այս գործարքէն», ըսաւ Արտակ Զաքարեան։
Հայաստանի Ուժանիւթի փոխ-նախարար Արա Սիմոնեան քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ Իրան-Հայաստան կազատարի Մեղրի-Քաջարան հատուածը կը վաճառուի ռուսական «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան եւ արդէն կնքուած է սկզբնական պայմանագիրը։ Այս յայտարարութեան լոյսին տակ հարցականներ գոյացած են, թէ արդեօք կրնա՞յ դժուարանալ երկրի Իրանէն կազ ստանալու հնարաւորութիւնը։ Նման մտահոգութիւններուն կապակցութեամբ Արտակ Զաքարեան ըսաւ. «Ձեր կարծիքով՝ այդ խողովակաշարը ո՞ւր կ՚երթայ։ Եթէ փոխուած է բան մը, ապա սա չի նշանակեր, որ փոխուած է խողովակաշարին ուղղութիւնը»։ Իր խօսքերով յստակ է բան մը՝ Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան խնդիրները որեւէ ձեւով պիտի չտուժեն։