ԱԱԾ-ԷՆ ՆՈՐ ՔԱՅԼ

Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական աղ-մըկայարոյց իրադարձութիւնները եւ գայթակղութիւններու բացայայտումները կը շարունակուին։ Հայաստանի Ազգային անվըտանգութեան ծառայութիւնը երէկ գործողութիւններ իրականացուց երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Ալեքսանտր Սարգսեանի բնակարանէն ներս։ Մայրաքաղաքի Թումանեան փողոցին վրայ կը գտնուի բնակարանը։ Շուրջ շաբաթ մը առաջ Ալեքսանտր Սարգսեան Երեւանի Սայաթ Նովայի փողոցէն տարուած է ոստիկանութիւն՝ ապօրինի զէնք պահելու կասկածով, սակայն աւելի վերջ ազատ արձակուած էր։ Երէկուան գործողութիւններն ալ նոյն կասկածի հիման վրայ կատարուեցան։ Յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ լրատուամիջոցներն ալ արձագանգ հանդիսացան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) գործողութիւններուն, ինչ որ հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։ Երեկոյեան ժամերուն Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութիւնը հաղորդեց, որ Ալեքսանտր Սարգսեան տարուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն։ Իրեն ուղեկցած է ԱԱԾ-ի Քննչական վարչութեան պետ Միքայէլ Համբարձումեան։ Ալեքսանտր Սարգսեանի հետ ԱԱԾ տար-ւած է նաեւ իր որդին՝ Հայկ Սարգսեան։ ԱԱԾ-ի աշխատակիցները բնակարանէն դուրս բերելով իրենց հետ տարած են նաեւ քանի մը տոպրակ, որոնց մէջ գտնուած է նաեւ զէնք ու զինամթերք։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն երէկ մեղադրանք առաջադրեց երկրի գործարար աշխարհի յայտնի անուններէն մէկուն՝ Բարսեղ Բեգլարեանի դէմ։ Բարսեղ Բեգլարեան սեփականատէրն է «Ֆլեշ» հեղուկ վառելանիւթի վաճառքի ցանցին։ Հայաստանի մամուլէն զանազան թերթեր այսօր կը գրեն, որ երկրի կազալցակայաններէն ներս կը սպասուին լուրջ բացայայտումներու։

Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) շրջանակներն ալ երէկ արձագանգեցին վերջին օրերու նմանաբնոյթ իրադարձութիւններուն։ ՀՀԿ-ի անդամներէն, նախկին նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան երէկ յայտնեց, որ հակուած չէ արդարացնել ոեւէ մէկը, սակայն դէմ է շտապողականութեան։ Ան մասնաւորապէս խօսելով նախկին պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի դէմ առաջադրուած մեղադրանքին, ուր կը նկատէ շատ լուրջ բացթողում։ Արդարեւ, Միքայէլ Յարութիւնեանի պարագային կը կիրարկուի Հայաստանի Քրէական օրէնսգրքի այն յօդուածներէն մին, որ 1 մարտ 2008 թուականին գոյութիւն չէ ունեցած։ «Քրէօրէն պատժելի արարքը յետադարձ ուժ պէտք չէ ունենայ։ Յոյս ունիմ, թէ այսօր մեր իրաւապահ մարմինները աւելի աչալուրջ կը վերաբերին իրենց աշխատանքին, որովհետեւ այսպիսի սխալներով կ՚արժեզրկուին միւս աշխատանքները։ Շտապողականութիւնը կը պարունակէ սահմանադրական չափանիշներու խախտման ռիսք», ըսաւ Դաւիթ Յարութիւնեան։

Մինչ այս բոլոր իրադարձութիւնները կ՚արժանանան լայն արձագանգի, «Թրենսփերընսի ինթերնէյշընըլ» հակակաշառակերական կեդրոնի Հայաստանի ծրագրերու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեան յայտարարութիւններ ըրաւ tert.am կայքէջին։ Ըստ իրեն, Հայաստանէ ներս համակարգային կաշառակերութեան ներգրաւուած են նաեւ վերահսկող մարմինները։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի երկրի հարաւը։ Գորիսի մէջ այս առաւօտ ան խօսք ուղղեց ժողովուրդին եւ ըսաւ. «Հայաստանի մէջ իշխաններու, իշխանիկներու, աւատապետներու (ֆէոտալներու) ժամանակը անցած է։ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին։ Այս զգացումը պէտք է ունենայ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի։ Հայաստանի քաղաքացին է երկրի տէրը, պատասխանատու է իր երկրին համար։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սեփականութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին։ Պաշտօնեաները կը ծառայեն ժողովուրդին։ Դուք պէտք է ունենաք իշխանութիւն, որ պիտի ծառայէ ձեզի, դուք ունիք իշխանութիւն, որ կը ծառայէ ժողովուրդին»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 5, 2018