ԵՓԿ-Ի ԶԻՆԵԱԼ ՏԱՐՐԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ՄԵՆՊԻՉ ՔԱՂԱՔԷՆ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ շառաւիղը՝ ԵՓԿ երէկուան դրութեամբ սկսաւ լքել Մենպիչ քաղաքը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, իննսուն օրուան ընթացքին ԵՓԿ վերջնականօրէն ետ քաշուած պիտի ըլլայ Մենպիչէն։ Թուրք զինեալ ուժերու շրջանի տարրերն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին այս գործընթացին։ Թէեւ ամէն ինչ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ կ՚ընթանայ, սակայն Անգարա վերապահութիւնը ձեռքէ չի թողուր եւ իր լրաքաղութեան աղբիւրներէն տեղեկութիւն քաղել կը շարունակէ։

Տարածքաշրջանէ ներս թէեւ ստեղծուած է աշխուժութիւն մը, սակայն ԵՓԿ թափով ետ կը քաշուի ու նախատեսուած ժամանակացոյցով այդ գործընթացը կրնայ աւարտիլ։ Ըստ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան, ԵՓԿ ետ քաշուելու ժամանակ կը յանձնէ նաեւ նախապէս ԱՄՆ-ի կողմէ իրեն տրամադրուած զէնք ու զինամթերքը։

Յունիսի 18-էն ի վեր Թուրք զինեալ ուժերը ինն անգամ հերթապահութիւն կատարեցին այն շրջաններէն ներս, որոնք «Եփրատի վահան» գործողութեան ընդգրկած տարածքին եւ Մենպիչի արանքին կը մնան։ Հերթապահութիւնները թէեւ կը կատարուին առանձին, սակայն ԱՄՆ-ի հետ համակարգման մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 5, 2018