ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԸՆԴՀ. ԺՈՂՈՎ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ Ծխական խորհուրդի ժողով։ Կիրակի, 1 յուլիսին, Ժընեւի Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան։ Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ գումարուեցաւ Ծխական խորհուրդի նիստ։ Տարեկան անդամական ժողովի ընթացքին ներկայացուեցաւ հաշուետուութիւն։ Առաջնորդական տեղապահի նախագահութեամբ գումարուած նիստին ատենապետն էր Թալին Աւագեան, իսկ քարտուղարը՝ Մետա Խաչատրեան։ Աւելի քան եօթանասուն անդամներու ներկայութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որու աւարտին վերջին վեց տարիներուն պաշտօնավարած Ծխական խորհուրդի անդամները բաւ համարեցին իրենց տարած աշխատանքը։ Անոնցմէ ոեւէ մէկը թեկնածութիւն չառաջադրեց յառաջիկայ շրջանին համար։ Ուստի, անդամական ժողովը ինն հոգիէ բաղկացեալ Ծխական խորհուրդի նոր կազմ մը պաշտօնի կոչեց յառաջիկայ երեք տարուան ժամկէտով ու վերընտրուելու իրաւունքով։

Ժողովը փակուեցաւ տեղապահ հայր սուրբի օրհնութեան խօսքով, որու ընթացքին ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ նախկին խորհուրդի անդամներուն համար եւ յիշեցուց, որ չորսուկէս տարի միասին աշխատած էին անոնց հետ։ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան նաեւ նորընտիր կազմին յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ աշխատանքին համար։ Զուիցերահայոց թեմի առաջնորդարանի դիւանին հաղորդումներով, հայր սուրբը նորընտիր վարչայիններուն համար մաղթեց Աստուծոյ զօրակցութիւնը՝ այդ նուիրական առաքելութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 5, 2018