ՄԱՔՏԱՆԸԼՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Անգլիոյ Արտաքին գործոց ու համագործակցութեան նախարարութեան մշտական քարտուղար Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտ վաղը պիտի այցելէ Երեւան։ Ան միեւնոյն ժամանակ Անգլիոյ Դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարն է։ Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտ Երեւանի մէջ պիտի տեսակցի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, առաջին փոխ-վարչապետ Արարատ Միրզոյեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու ծրագիրը եւ Անգլիոյ աջակցութիւնը Հայաստանին։ Հարկ է նշել, որ անգլիացի բարձրաստիճան դիւանագէտը առաջին անգամ պիտի այցելէ Հայաստան։ Ուղեւորութեան ընդառաջ ան հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց Հայաստան այցելութեան առիթին կապակցութեամբ՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը ընդգծելու նպատակով։ Իր համոզմամբ, գոյութիւն ունին համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ, որոնցմէ պէտք է օգտուիլ Անգլիոյ եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութիւններու խորացման ու ամրապնդման զուգընթաց։

Երեւանի մէջ Սըր Մաքտանըլտ ելոյթ մը պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցէն ներս։ Հայ ապագայ դիւանագէտներուն առջեւ ան պիտի արտայայտուի «Դիւանագիտութիւնը 21-րդ դարուն» նիւթին շուրջ։ Սըր Մաքտանըլտ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Անգլիոյ կրթական ծրագրերու շրջանաւարտներուն եւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեւան-Լոնտոն առանցքին վրայ վերջերս ստեղծուած է նկատելի աշխուժութիւն։ Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտի վաղուան այցելութենէն կարճ ժամանակ առաջ, անցեալ ամիս Անգլիոյ Առեւտուրի եւ ներդրումներու գծով յանձնակատար ու երեսփոխան Մարք Փրիտչարտի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը այցելած էր Հայաստան։ Այդ այցելութեան նպատակն էր ներկայացնել անգլիական գործարարութեան տեսակէտէ հնարաւորութիւնները։ Հարկ է նշել, որ Երեւան այցելութեան օրերուն Մարք Փրիտչարտ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր հետեւալը. «Եթէ Հայաստան կը փափաքի հանգուցային կեդրոն մը դառնալ, ապա անհրաժեշտ է ենթակառուցուածքները բարելաւել»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 5, 2018