ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով՝ 30 յուլիսին Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա պետական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Երկու երկիրներու նախագահները պիտի քննարկեն երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը, նաեւ պիտի արժեւորեն միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերն ու տարածքաշրջանի իրադրութիւնը։

Պաշտօնական շփումներու ծիրէն ներս Իտալիոյ նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։

Սերճիօ Մաթարելլայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 5, 2018