ՆԱԽԱՐԱՐ ՏՕՆՈՅԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱՍՊՐՉԻԿԸ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կացութիւնը։ Դաւիթ Տօնոյեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ սահմանի Նախիջեւանի հատուածի իրավիճակին եւ վերջին օրերու զարգացումներուն՝ անդրադառնալով անոնց հաւանական հետեւանքներուն։ Իր կարգին, դեսպան Կասպրչիկն ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց բանակցային գործընթացի յառաջիկայ օրակարգային խնդիրներուն վերաբերեալ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ տարածքաշրջանային հաւանական զարգացումներուն շուրջ։

Հարկ է նշել, որ վերջին շրջանին լարուածութիւն առկայ է Հայաստանի սահմաններուն վրայ՝ Նախիջեւանի կողմէ, ուր Ատրպէյճանի զօրքերը փորձած են ամրապնդել իրենց դիրքերը, թէեւ չեն յաջողած, սակայն տեղի ունեցած են մտահոգիչ բախումներ։ Բաց աստի, Ատրպէյճանի բանակը այս օրերուն կ՚իրականացնէ ծաւալուն ռազմափորձեր։ Վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի բանակի զօրավարժութիւնները միշտ լարուածութեան պատճառ կը դառնան կողմերուն միջեւ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերջերս Մինսքի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին Սպիտակ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Վլատիմիր Մաքէյի հետ։ Միջազգային լրահոսին վրայ վերջին շրջանին լայն արձագանգ գտած էր, որ Ատրպէյճան յարձակողական բնոյթով լուրջ զէնք ու զինամթերք ներածած էր Սպիտակ Ռուսիայէն։ Այս իրադարձութիւնը յատկանշական է նաեւ այն առումով, որ Հայաստան եւ Սպիտակ Ռուսիա դաշնակիցներ կը համարուին՝ անդամակցելով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 5, 2018