ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարուած Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի ժողովներու արդիւնքին հիման վրայ ճշդուեցաւ Թուրք զինեալ ուժերու հրամանատարութեան նոր կազմը։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ պիտի դառնայ զօրավար Հուլուսի Աքար, որ այժմ կը պաշտօնավարէ որպէս ցամաքային զօրքերու հրամանատար։ Ան մինչեւ 2019 թուականը պիտի ըլլայ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ։ Իր փոխարէն ցամաքային զօրքերու հրամանատար պիտի ըլլայ Ա. զօրաբանակի հրամանատար Սալիհ Զեքի Չոլաք։ Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր պիտի շարունակէ մնալ նոյն պաշտօնին գլուխը եւ հաւանական է, որ ապագային դառնայ ցամաքային զօրքերու հրամանատար եւ աւելի վերջ ալ 2019-ին յաջորդէ Հուլուսի Աքարին։
Օդային զօրքերու հրամանատարի պաշտօնին կոչուեցաւ զօրավար Ապիտին Իւնալ։ Ծովային զօրքերու հրամանատար զօրավար Պիւլենտ Պոստանօղլուի պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկարաձգուեցաւ։ Ոստիկան զօրաց հրամանատարի պաշտօնին կոչուեցաւ զօրավար Կալիփ Մենտի։
Բարձրագոյն խորհուրդի ժողովին ընթացքին առնուած այս որոշումները պաշտօնապէս պիտի հրապարակուին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ վաւերացուելէ վերջ։