«Սիւնեաց Աւանդոյթներ» Փառատօնը
Յառաջիկայ Օգոստոսի 12-ին, «Արենի փառատօն» հիմնադրամը, Գորիսի քաղաքապետարանին հետ համատեղ եւ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ կը կազմակերպէ երրորդ «Սիւնեաց աւանդոյթներ» փառատօնը, Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ: Փառատօնին ներկայ պիտի ըլլան Սիւնիքի մարզի բոլոր համայնքները, որոնք կը ներկայացնեն իրենց բերքն ու բարիքը:
Փառատօնին ընթացքին կը սպասուի Սիւնեաց աշխարհի բերքուբարիքի, աւանդոյթներու, ծէսերու, ժամանցի, մրցոյթներու ու Սիւնիքին բնորոշ ճաշատեսակներու բազմազանութիւն: Փառատօնի ծիրէն ներս կը կազմակերպուի օղիի թորում, ռուպի եւ տոլմայի պատրաստում, Սիւնեաց աշխարհին բնորոշ յատուկ կերակրատեսակներու եւ ուտեստներու համտես-վաճառք: Փառատօնի ընթացքին պիտի հնչէ հայկական աւանդական եւ ժամանակակից երգ ու երաժշտութիւն:
Փառատօնը առաջին անգամ կազմակեպուած է 2014 թուականին, Գորիս քաղաքին մէջ, եւ ան արդէն երրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ մէկ գաղափարի շուրջ կը հաւաքէ Սիւնիքի եւ Հայաստանի բոլոր այլ մարզերու բնակիչները: