ԱՊՏՈՒԼԼԱՅԵՒԻ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Քարիւղի պետական ընկերութեան՝ ՍՕՔԱՐ-ի նախագահ Ռէօվնակ Ապտուլլայեւի հետ։ Միջազգային ներդրողներու հետ կազմակերպուած բարձր մակարդակով խորհրդաժողովէ մը վերջ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ Ապտուլլայեւն ալ կը գտնուէր մասնակիցներու շարքին։
Հանդիպման ընթացքին Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ բարեկամական յարաբերութիւնները կը զարգանան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան հետաքրքրուեցաւ նաեւ ձեռնարկուած ծրագրերու կատարման ընթացքով։ Մատնանշելով ներդրումներուն կարեւորութիւնը՝ Էրտողան յայտնեց, թէ անոնք պիտի զարգանան նաեւ յառաջիկային։
Իր կարգին Ապտուլլայեւն ալ ՍՕՔԱՐ-ի գործունէութիւններուն ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութեան համար երախտագիտութիւն յայտնեց Էրտողանին։ Ան երաշխիք տուաւ, որ ՍՕՔԱՐ-ի կողմէ ստանձնուած բոլոր ծրագրերը պիտի աւարտին ճիշդ ժամանակին ու բարձր որակով։