ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆ ԶԱՐԿ ՊԻՏԻ ՏԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Պա­քուի մէջ յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի, Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը։ Ե­րեք ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ նա­խա­տե­սուած են նաեւ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Այս շրջագ­ծով ու­շադ­րու­թեամբ կը սպա­սուի Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Հա­սան Ռու­հա­նիի տե­սակ­ցու­թեան։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ա­նոնք կը պատ­րաս­տուին Պա­քուի մէջ քննար­կել ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով ռու­սա­կան «Իզ­վես­տիա» թեր­թին յայտ­նեց, թէ այդ խնդի­րը ընդգր­կուած է նա­խա­գահ­նե­րու զրոյ­ցի օ­րա­կար­գին վրայ։ Փու­թին եւ Ռու­հա­նի կանգ պի­տի առ­նեն Մոս­կուա­յի եւ Թեհ­րա­նի մի­ջեւ ռազ­մա­թեք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման հե­ռան­կար­նե­րուն վրայ։ Ար­դա­րեւ, Ի­րան հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց կու տայ Ռու­սաս­տա­նի ա­մե­նաար­դի­կան ար­տադ­րան­քին նկատ­մամբ։ Բաց աս­տի, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կին վե­րա­բե­րեալ զար­գա­ցում­ներ ալ կրնան ար­ձա­նագ­րուիլ եւ հա­ւա­նա­կան կը նկա­տուի հա­մա­տեղ ռազ­մա­փոր­ձե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը։

Պա­քու այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Փու­թի­նի ըն­կե­րա­կից պա­տուի­րա­կու­թեան մաս պի­տի կազ­մէ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Ռո­կո­զին, որ պա­տաս­խա­նա­տուն է ռազ­մաար­դիւ­նա­բե­րա­կան բնա­գա­ւա­ռին։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2016