ՌԻՈՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻՆ 31-ՐԴ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ

Պրա­զի­լիոյ Ռիօ քա­ղա­քին մէջ այ­սօր կը սկսին ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րը։ 31-րդ ամ­րան ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րը մագ­նի­սա­ցու­ցած են հա­մայն աշ­խար­հին ու­շադ­րու­թիւ­նը՝ մինչ մարդ­կու­թիւ­նը խա­ղա­ղու­թեան ու հա­մա­կե­ցու­թեան կա­րօ­տին մէջ է։

Մա­րա­քա­նա­յի մար­զա­դաշ­տին վրայ այ­սօր կէս գի­շե­րը անց, Թուր­քիոյ ժա­մով 02.00-ին տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ կը կազ­մա­կեր­պուին այս խա­ղե­րը, ո­րոնք պի­տի տե­ւեն տաս­նեօթ օր։ Աշ­խար­հի 206 եր­կիր­նե­րէն շուրջ 11 հա­զար մար­զիկ պի­տի մաս­նակ­ցի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն։ 28 մար­զա­ձե­ւե­րու շրջագ­ծով 39 մար­զա­կան ճիւ­ղի մէջ մար­զիկ­նե­րը պայ­քար պի­տի մղեն՝ տի­րա­նա­լու հա­մար 2 հա­զար 488 մե­տայլ­նե­րու։ Այս մեծ մրցա­շար­քը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի 37 մար­զա­կան կա­ռոյց­նե­րու մէջ։

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Հա­յաս­տանն ալ 33 մար­զի­կով կը մաս­նակ­ցի Ռիո­յի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն, ո­րոնք կը զու­գա­դի­պին երկ­րի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։ Ո­ղիմ­պիա­կան ա­ւա­նին մէջ ար­դէն սկսած է ծա­ծա­նիլ Հա­յաս­տա­նի ե­ռա­գոյ­նը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու բաց­ման ըն­դա­ռաջ հրա­պա­րա­կեց պատ­գամ մը, ո­րուն մէջ ընդգ­ծեց, թէ Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող մար­զիկ­նե­րը ու­նին հիա­նա­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ Ռիո­յի մէջ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար երկ­րին մար­զա­կան պա­տի­ւը։ Իր խօս­քե­րով, մարմ­նա­մար­զը կը պա­հան­ջէ աշ­խա­տանք, կար­գա­պա­հու­թիւն եւ սե­փա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ հա­ւատք։ Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը կը միա­ւո­րեն ու­ժեղ եւ հա­մար­ձակ մար­դի­կը։

Սերժ Սարգ­սեան պատ­գա­մին մէջ շեշ­տեց, որ ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր Հա­յաս­տան թի­ւով ա­մե­նա­մեծ պա­տուի­րա­կու­թիւ­նով մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Ռիո­յի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն։ Ան ար­տա­յայ­տեց իր հա­ւատ­քը հայ մար­զիկ­նե­րուն նկատ­մամբ եւ ը­սաւ. «Կը մաղ­թեմ յա­ջո­ղու­թիւն եւ յաղ­թա­կան վե­րա­դարձ հայ­րե­նիք»։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 5, 2016