ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ

«The Independent» դրական արձագանգած է Կոմիտասի «Սուրբ Պատարագի» համերգային ձայնագրութեան։ Այսպէս, «The Independent» պարբերականը դրական արձագանգ հրապարակած է Լաթվայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի «Սուրբ Պատարագի» համերգային ամբողջական տարբերակի ձայնասկաւառակի թողարկման վերաբերեալ:

Ձայնասկաւառակը թողարկուած է ի նշանաւորումն մեծ յօրինողի եւ հոգեւորականի 150-ամեակին: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին մէջ յայտնած է Լաթվիայի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան:

Ան նշած է, որ օրուան կը սկսի հրաշալի լուրով. «The Independent»ը շատ դրական արձագանգ հրապարակած է Կոմիտասի «Սուրբ Պատարագի» իրենց նախագծի մասին, որ դեսպանատան մշակութային ամենախոշոր նախագիծերէն է եւ այն արդէն կու տայ արդիւնքը։

«The Independent» հատուած մը ներկայացուցած է Կոմիտասի անցած ողբերգական ճանապարհի, նուաճումներու մասին եւ ընդգծած է, որ Լաթվիայի ձայնասփիւռի երգչախումբի այս ձայնագրութիւնը նոր վերամշակուած ձայներու խառնուրդ է, որ ունի հրաշալի շնորհ եւ համեմուած է ժողովրդական երաժշտական արձագանգներով, որոնցմէ ոգեշնչուած էր Կոմիտաս Վարդապետ:

«Պատարագի» ձայնագրութեան նախորդած էր 2019 թուականի սեպտեմբերի 20-ին Ռիկայի ամենահին՝ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ խմբավար Սիկվարտս Կլիավայի ղեկավարութեամբ Լաթվիայի ձայնասփիւռ երգչախումբի եւ հայազգի մենակատարներ Յովհաննէս Ներսիսեանի ու Արմէն Պատալեանի կողմէ կատարումը համերգի, որմէ յետոյ նոյն եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած է ձայնագրութիւնը։

Ձայնասկաւառակի թողարկումը եզակի է այն առումով, որ առաջին անգամ խառն օտարազգի ներկայացուցիչներէ բաղկացած խումբը, Լաթվիայի ձայնասփիւռի երգչախումբը, կատարած, իսկ յետոյ նաեւ ձայնագրած է Կոմիտասի «Պատարագի» համերգային ամբողջական տարբերակը։

Նախագիծի նախապատրաստական աշխատանքները տեւած են շուրջ երեք տարի, որու ընթացքին Լաթվիայի ձայնասփիւռի երգչախումբը 2017 եւ 2018 թուականներուն Լաթվիայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան կազմակերպած համերգներուն կատարած է հատուածներ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն։ Այնուհետեւ յօրինող Վաչէ Շարաֆեան յաջողած է զայն փոխադրել ի սկզբանէ միայն արական երգչախումբի համար նախատեսուած կոմիտասեան գլուխգործոցը, եւ ձայնասկաւառակի թողարկումը ա՛լ աւելի կը բարձրացնէ համաշխարհային երաժշտական հանրութեան հետաքրքրութիւնը Կոմիտասի նկատմամբ։ Երգչախումբի հետ աշխատած են ֆրանսահայ կոմիտասագէտ Մկրտիչ Մկրտչեան եւ լաթվիացի հայագէտ Վալտա Սալմինեան։

80 վայրկեան տեւողութեամբ ձայնասկաւառակին կից գրքոյկին մէջ ներկայացուած են Լաթվիայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի, յօրինող Վաչէ Շարաֆեանի ներածական խօսքերը, Կոմիտասի կեանքն ու ստեղծագործական ուղին՝ Կոմիտասի ինքնակենսագրութիւնը։ Գրքոյկին մէջ ներկայացուած Կոմիտասի լուսանկարները տրամադրուած են Երեւանի Կոմիտասի թանգարանի կողմէ։ Գրքոյկին մէջ տեղ գտած են նաեւ Պատարագի ամբողջական հայերէն բնօրինակը՝ լատինատառ տառադարձումը, անգլերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուագներ մենակատարներու, խմբավար Սիկվարտս Կլիավայի եւ Լաթվիայի ձայնասփիւռի երգչախումբի ստեղծագործական ուղին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020