ՄԱՀ՝ ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԵՇԵԱՆԻ

Հայկական գիտական աշխարհը կարեւոր զոհ մը տուաւ քորոնաժահրի համաճարակին. ոչ եւս է հնագէտ փրոֆ. Գրիգոր Արեշեան։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինութեամբ՝ իր յուղարկաւորութեան կազմակերպման ուղղութեամբ ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով մը՝ գլխաւորութեամբ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր մարմինը կ՚ամփոփուի Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։

Գրիգոր Արեշեան ծնած էր 1949 թուականին Երեւանի մէջ։ 1970 թուականին աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէն։ 1981 թուականին իր նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ նոյն համալսարանէն ներս ստեղծուած էր հնագիտական հետազօտութիւններու գիտական տարրալուծարանը։ Այս վերջինը մինչեւ 1987 թուականը ղեկավարուած էր իր կողմէ։ 1987-1991 թուականներուն ան եղած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի փոխ-տնօրէնը։ Անկախութեան առաջին տարիներուն Գրիգոր Արեշեան վարած էր պետական նախարարի պաշտօն՝ 1991-1992 թուականներուն։

Մեծ էր իր աւանդը Հայաստանի տարածքի հնագիտական յուշարձաններու դաշտային հետազօտութիւններու ոլորտին մէջ, Հայաստանի հնագիտութեան միջազգայնացման, հայ-ամերիկեան գիտական կապերու ընդլայնման ու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս 14 համալսարաններու կամ կրթական հաստատութիւններու մէջ աշխատանք տարած էր։ Ան աւելի քան 150 գիտական աշխատանք հեղինակած էր եւ անոնք աշխարհի 12 երկիրներէն ներս հրատարակուած էին հինգ լեզուներով։ Միջազգային համբաւ ձեռք բերած էր իր ուսումնասիրութիւններով՝ Մետաքսի ճանապարհի, փորձագիտութեան պատմութեան, համեմատական դիցաբանութեան, Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հնագիտութեան ու պատմութեան մասին։ Կարեւոր դեր խաղացած էր՝ Էջմիածնի մօտակայքի շուրջ հինգ հազար տարուան Մոխրաբլուրի տաճարի եւ աւելի քան վեց հազար տարուայ հնութեամբ Արենիի գինեգործական կեդրոնի յայտնաբերման ուղղութեամբ։

Նախարար Արայիկ Յարութիւնեան Գրիգոր Արէշեանի մահուան կապակցութեամբ յայտնեց իր վշտակցութիւնը։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Կը ցաւիմ Գրիգոր Արէշեանի մահուան կապակցութեամբ։ Հնագիտութեան ոլորտը մեծ կորուստ ունեցաւ՝ ի դէմս աշխարհահռչակ հնագէտի եւ գիտնականի։ Լիայոյս եմ, թէ իր թողած ժառանգութիւնը նորովի  կը գնահատուի եւ կը շարունակուի սերունդներու կողմէ»։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայկական հետազօտութիւններու ընկերակցութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացաւ Գրիգոր Արէշեանի կորուստին եւ ցաւակցեցաւ անոր ընտանիքին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020