ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ ՑՆՑՈՒՄ

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ երէկ սահմռկեցուցիչ պայթում մը պատահեցաւ, ինչ որ յեղաշրջեց միջազգային օրակարգը։ Ներկայիս Լիբանան համաշխարհային հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուած է՝ երէկ երեկոյեան ժամերուն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որոտացած ահաւոր պայթումին հետեւանքով։ Ոմանք երկրաշարժի համազօր կը նկատեն այս պայթումին ազդեցութիւնը, իսկ ոմանք ալ ցնցումը կը բաղդատեն հիւլէական ռումբի հետ։ Յամենայնդէպս, իսկապէս սահմռկեցուցիչ ցնցում մըն էր այս մէկը, որ սարսափելի կացութեան մը տեղի տուաւ եւ Լիբանանը մատնեց շատ դժուար կացութեան։ Երկիրը վերջին շրջաններուն արդէն կը դիմագրաւէր թէ՛ քորոնաժահրի համաճարակը եւ թէ տնտեսական լուրջ տագնապ, իսկ երէկուան պայթումը եկած է աւելնալ անոնց վրայ։ Ըստ այժմու տուեալներուն, զոհերու թիւը արդէն գերազանցած է հարիւրի սահմանը, իսկ աւելի քան 3 հազար 700 վիրաւորներ կան դէպքին հետեւանքով։

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն դէպքէն անմիջապէս վերջ արտահերթ ժողովի հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը։ Ըստ զանազան աղբիւրներու, Լիբանանի նաւահանգիստը ամբողջութեամբ քանդուած է։ Այնտեղ գտնուող՝ Լիբանանի տեսակէտէ ռազմական նշանակութեամբ ցորենի շտեմարանը եւ այդ նոյն վայրին մէջ պահեստաւորուած ցորենը բոլորովին փճացած է։ Խօսքը կը վերաբերի երկրին տեսակէտէ մեծ վնասներու մասին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ երեկոյեանժամերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Միշել Աունի

հետ ու տեղեկացուց, որ Թուրքիա պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերելու։ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումը ազդեցութիւն գործած է շրջակայ շուրջ 7 քիլօմեթր տրամագիծով տարածքին վրայ։ Կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ 2 հազար 700 թոն քիմիանիւթեր պահուած շտեմարանի մը մէջ պատահած է այս սարսափելի պայթումը։

Պէյրութի ողբերգական իրադարձութիւններէն դըժ-բախտաբար լայն բաժին վիճակած է նաեւ լիբանանահայութեան։ Պէյրութի հայաբնակ թաղամասերու մէջ շէնքեր, ազգային հաստատութիւններ մեծ վնաս կրած են, կան նաեւ հոծ թիւով հայ վիրաւորներ։ Ի լրումն այս բոլորին, կը խօսուի դժբախտաբար վեց հայ զոհի մասին։ Անոնց շարքին կը գտնուի բոյժքոյր Ճեսիքա Պէզճեան։ Ստեղծուած մեծ վնասներէն անմասն չեն մնացած նաեւ Անթիլիասի վանքը, Մայր տաճարով հանդերձ։ Դժբախտաբար լիբանանահայ թերթերու խմբագրատուներէն ներս ալ յառաջացած է մեծ վնաս։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս ահաւոր պայթումէն անմիջապէս վերջ փութաց Պուրճ Համուտ, ուր փողոցներու մէջ կատարեց շրջայց մը ու տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ ստեղծուած աննկարագրելիօրէն ծանր կացութեան։ Նորին Սրբութիւնը հայրաբար զօրակցեցաւ ժողովուրդին։ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս միեւնոյն ժամանակ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին գումար փոխանցեց՝ որպէսզի տեղւոյն հայերու կարիքները դիմագրաւուին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ շրջելու ժամանակ մուտք գործեց նաեւ «Սարտարապատ» ակումբը, ուրկէ վիրաւորեալներ կը փոխադրուէին հիւանդանոց։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպքէն վերջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Հայաստանի վարչապետը Նորին Սրբութեան անձին մէջ յայտնեց իր զօրակցութիւնը։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հեռախօսազրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց վնասներուն շուրջ։ Զրոյցի ընթացքին անոնք որոշեցին մշտական կապի մէջ ըլլալ։

Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ ալ գրառումով մը հանդէս եկաւ այս սարսափելի դէպքին կապակցութեամբ։ Ան Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին յայտնեց իր աջակցութիւնը։

Միջազգային աղբիւրներու վերջին հաղորդումներով, երէկուան պայթումին հետեւանքով յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին արտակարգ դրութիւն հռչակուած է Պէյրութի պարագային։ Լիբանանի մայրաքաղաքը երէկ արդէն հռչակուած էր աղէտի գօտի եւ այդ որոշումին վրայ եկաւ աւելնալ արտակարգ դրութեան հռչակումը։

Միւս կողմէ, Իրաք եւ Քաթար արդէն շարժման անցած են՝ օժանդակելու համար Լիբանանին։ Այդ երկու երկիրներուն նախաձեռնութեամբ Լիբանանի մէջ պիտի սկսին գործել երեք դաշտային հիւանդանոցներ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020