ԶԱՔԻՐ ՀԱՍԱՆՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԻՐՔԵՐ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ այցելեց՝ Արցախի վերջին պատերազմէն յետոյ իր երկրի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս կառուցուած զօրամասերը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Զաքիր Հասանով հրամանատարներէն պահանջեց բարձրացնել զինուորներու մարտունակութեան մակարդակը։

Այս այցելութիւնը տեղի ունեցած է այն պայմաններուն ներքեւ, երբ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ սահմանի վրայ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի անօդաչու թռչող սարքերը փորձած են ներթափանցել Հայաստանի Հանրապետութեան օդային մարզը։ Սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս արձանագրուած են այս դէպքերը։ Հայաստանի զինեալ ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու գործողութիւններուն շնորհիւ կասեցուած են ներթափանցման փորձերը։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ երկրի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ քննարկեց սահմաններու առկայ իրավիճակը։ Ինչպէս ծանօթ է, Արման Թաթոյեան վերջին շրջանին շատ կարեւոր աշխատանք կը տանի սահմանի վրայ ստեղծուած իրադրութեան հետեւանքով պատահած մարդու իրաւանց խախտումներու արձանագրման ուղղութեամբ։ Երէկ եւս Արմէն Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան քննարկեցին սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ երեւոյթները։ Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Արարատի մարզերէն ներս մարդու իրաւանց պաշտպանի գրասենեակին կողմէ կատարուած փաստահաւաք աշխատանքներու, ուսումնասիրուած բողոքներու վերաբերեալ փաստերը Արման Թաթոյեանի կողմէ յանձնուեցան Արմէն Սարգսեանի նկատառման։ Պաշտպանը շեշտեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ապօրինի արարքներով շարունակաբար կը խախտուին Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներու իրաւունքները։ Փաստերը կ՚ապացուցանեն, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պարբերաբար կը հրահրեն հրաձգութիւններ, իսկ Հայաստանի զինեալ ուժերը կը կատարեն բնակչութեան պաշտպանութեան գործառոյթը։ Թաթոյեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ կատարուած այդ խախտումներու փաստերը արդէն իսկ ներկայացուած են Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացման։ Զրոյցի տեւողութեան Արմէն Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան կարծիքներ փոխանակեցին ստեղծուած իրավիճակի այլ զանազան երեսակներուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021