ՆԱՀԱՆՋԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայասատանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ ներկայիս խորհրդարանի ընդդիմադիր «Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան մաս կը կազմէ, երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն յայտարարութիւններ ըրաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին շուրջ։ Սէյրան Օհանեան, որ միեւնոյն ժամանակ Արցախի հերոս է եւ անցեալի մէջ Արցախի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօն ալ վարած է, ըսաւ. «Եթէ նոյնիսկ սահմանազատում ըլլայ, չի նշանակեր, որ Ատրպէյճանի հետ խոշոր սադրանքներու, մի գուցէ նաեւ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու հաւանականութիւնը կը նուազի»։ Բաց աստի, ան աւելցուց, որ չի բաժներ իշխանութեան տեսակէտը, ըստ որու տարածքաշրջանէ ներս ապաշրջափակումը օգտակար պիտի ըլլայ Հայաստանի համար։

Երեսփոխան Սէյրան Օհանեան, որ կը գլխաւորէ խորհրդարանի «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութիւնը, համոզուած է, թէ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Հայաստանի իշխանութիւնները կը գտնուին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ճնշման ու պարտադրանքներուն տակ։

Սէյրան Օհանեան համամիտ չէ իշխանութեան տեսակէտին, թէ ապաշրջափակումը օգտակար պիտի ըլլայ Հայաստանին տնտեսական եւ այլ առումներով։ «Մեր տեսակէտը այլ է։ Նախ պէտք է հասկնանք, որ խաղաղութեան ֆոնին մեր հակառակորդները միշտ ալ նպատակ ունեցած են եւ նախապատրաստուած են ապագայ սադրանքներու։ Եթէ նոյնիսկ ըլլայ իրական սահմանազատում եւ սահմանագծում մը, ապա սա չի նշանակեր, որ Ատրպէյճանի հետ քարի, մահակի եւ այլ խոշոր սադրանքներու, գուցէ նաեւ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու հաւանականութիւնը կը նուազի։ Սահմանազատում եւ սահմանագծում իրականացնելու համար Հայաստան բաւարար եւ անհրաժեշտ պայմաններ՝ իրաւական հիմքեր, քարտէսներ չունի։ Այս իսկ պատճառով պէտք չէ արագ թափով մտնել այդ գործընթացին մէջ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ առաջնային խնդիր պէտք է դարձնել սահմաններու ամրապնդումը։ Այսօր չկան այդ խաղաղութեան պայմանները, որ մենք անցնինք այդ բանին։ Այս իրավիճակին մէջ մենք մեր սահմանները պէտք է ամրապնդենք եւ Ազգային ժողովը պէտք է այդ վերահսկողութիւնը իրականացնէ իր գործառոյթներու շրջանակին մէջ, պէտք է աջակցի զինեալ ուժերուն։ Նաեւ այն ղեկավարներուն, որոնք պատասխանատու են սահմաններու համար, կանչէ թէ՛ հաշուետուութեան, թէ՛ հարցապնդումներու եւ թէ այլ գործընթացներու։ Անոնց հետ միասին պէտք է երթան, տեղւոյն վրայ ճնշումներ կատարեն եւ մենք մեր սահմանները պահպանենք։ Այլ բան է, որ Ատրպէյճան այսօր ներխուժած է, իսկ Նիկոլ Փաշինեան կ՚ըսէ, որ մենք կ՚երթանք դիւանագիտական ճանապարհով։ Միայն դիւանագիտական ճանապարհով այդ խնդիրը լուծելը շատ դժուար է։ Սա պէտք է ընենք մեր ռազմավարական գործընկերներով եւ թէ ՀԱՊԿ-ի հետ», շարուանակեց ան։

Բաց աստի, ընդդիմադիր պատգամաւորը համոզուած է, թէ ներկայ պահմաններով ճանապարհներու ապաշրջափակում իրականացնելու պարագային Հայաստան, յատկապէս Սիւնիքի հատուածը, պիտի ենթարկուի տնտեսական մեծ ճնշման։ Այնտեղ Ատրպէյճան պիտի փոխէ ժողովրդագրական պատկերը։ «Պարզ խօսքով այնտեղ պիտի լեցուին եւ մեզ տնտեսական ճնշման պիտի ենթարկեն։ Մեր համերկրացիներու եւ այլ անուններով պիտի գնեն կալուածներ, ինչ որ մեզի որեւէ օգուտ պիտի չտայ», ընդգծեց Օհանեան։

Հուսկ, ան մատնանշեց, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները որդեգրած են նահանջի քաղաքականութիւն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021