Շաբաթ 21, Դեկտեմբեր 2024
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ 220 ՊԱՆԴՈԿ ՓԱԿՈՒԱԾ Է
2016-ին զբօսաշրջական մարզի աշխուժութեան նուազման պատճառով Եգիպտոսի մէջ փակուած են 220 պանդոկներ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, մեծագոյն կորուստը կրած է Շարմ Շէյխը, ուր աշխատանքէ դադրած են 54 պանդոկներ: Մարսա Ալամի մէջ փակուած են 35 պանդոկներ, իսկ Հուրկատի մէջ՝ 34: Այս պահուն Կարմիր ծովու ոչ մէկ զբօսաշրջական շրջանի մէջ ամբողջական կարողութեամբ գործող պանդոկ մնացած է:
Շարք մը պանդոկներ դադրած են աշխատելէ Սաֆաքայի, Լուքսորի եւ Ասուանի մէջ: Կը նշուի, որ զբօսաշրջիկներու հոսքի մեծագոյն կրճատումը կատարած են Ռուսաստանը, Բրիտանիան եւ Իտալիան:
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016