ՀՐԱՏԱՊ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ ներքին պատերազմն ու Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները դարձեալ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն միջազգային օրակարգը։ Այս տարածքաշրջանը թէեւ միշտ կը մնայ միջազգային իրադարձութիւններու կիզակէտին, սակայն երէկ դարձեալ հրատապ կացութիւն մը ստեղծուեցաւ՝ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն բերումով։ Այսպէս, Ռուսաստանի ռազմաօդային զօրքերը ռմբակոծեցին Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը, որ ընդդիմութեան հակակշռին տակ կը գտնուի։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով օր մը առաջ յայտարարած էր, որ այլեւս կարելի չէ երկար հանդուրժել Իտլիպի կացութեան։ Ռուսական ռազմաօդային եւ ռազմածովային զօրքերն ալ Միջերկրականի մէջ ձեռնարկած էին լայնածաւալ զօրավարժութիւններու։ Այդ բոլորը առաջին հերթին համարուած էին պատրաստութիւններ՝ ապագայ գործողութիւններու համար։ Բայց եւ այնպէս, Ռուսաստան նախատեսուածէն շատ աւելի կանուխ, այսինքն Լաւրովի յայտարարութիւններէն օր մը վերջ սկը-սաւ ռմբակոծել Իտլիպը։ Ռուսական երեք ռազմաօդանաւեր երէկ քսան յարձակումներ իրականացուցին Իտլիպի զանազան շրջաններուն վրայ։ Միջազգային աղբիւրները հաղորդեցին, որ զոհերու շարքին կը գտնուին նաեւ երեխաներ։ Վիրաւորեալներու թիւն ալ կը հասնի երկու տասնեակի սահմանը։
Ռուսաստանի այս ռմբակոծումը բոլորովին նոր հարթութեան մը վրայ դրած է Սուրիոյ ներքին պատերազմի կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։ Յառաջիկայ օրերուն Թաւրիզի մէջ նախատեսուած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եռակողմանի գագաթաժողովը։ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը ռմբակոծումներու ձեռնարկած է առանց այդ՝ երաշխաւոր երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովին սպասելու։ Հարկ է նշել, որ Իտլիպ մաս կը կազմէ Սուրիոյ՝ բախումներէ զերծ գօտիներուն, որոնք որոշուած են Անգարայի, Մոսկուայի եւ Թեհրանի կողմէ։
Թուրքիա խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի այս բոլոր իրադարձութիւններուն։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ եթէ Իտլիպի վրայ սկսին հրթիռներ տեղալ, ապա մեծ սպանդ մը խնդրոյ առարկայ կրնայ դառնալ։ «Այնտեղ 3.5 միլիոն մարդ կայ։ ԱՄՆ գնդակը կը նետէ Ռուսաստանին, Ռուսաստանն ալ ԱՄՆ-ին։ Աստուած պահէ, եթէ տարածքաշրջանէ ներս ողբերգութիւն մը ծագի, այդ մարդոց առաջին հերթին ապաստան գտնելիք վայրը դարձեալ Թուրքիան է», ըսաւ Էրտողան եւ յոյս յայտնեց, թէ այս դժուարութիւնները կրնան յաղթահարուիլ բանակցութիւններու միջոցաւ առնուելիք տեղին որոշումներով։
Անգարայի ղեկավարութիւնը ներկայ պահուն անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի բոլոր իրադարձութիւններուն։ Կը հաղորդուի, որ Թուրք զինեալ ուժերն ալ սահմանի մերձակայ հատուածներուն մէջ կը կատարեն կուտակումներ։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց Իտլիպի ռմբակոծման։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատ առանց մտածելու պէտք չէ յարձակի Իտլիպի վրայ։ Իր կարգին, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն ալ անդրադարձաւ Իտլիպի ռմբակոծման։ Պետական քարտուղարը նշեց, որ Ուաշինկթըն կը բաժնէ Մոսկուայի մտահոգութիւնները։
Թուրքիա այս բոլոր իրադարձութիւններու կիզակէտին գտնուող երկիրներէն մին է։ Անգարա ազդու եւ ուղղակի դերակատարի մը դիրքին վրայ է տարածքաշրջանէն ներս, իբր այդ դիւանագիտական երթեւեկն ալ դարձեալ աշխուժացած է այս շրջանին։ Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Մայք Փոմփէոյի հետ։ Ամերիկըանկեան կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին նախարարները անդրադարձան Իտլիպի ռմբակոծման։ Երկկողմանի օրակարգի հարցերուն առընթեր, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ կանգ առին Իտլիպի եւ Մենպիչի կացութեան վրայ։
Նոյնպէս երէկ, Անգարայի մէջ շփումներ ունեցաւ ԱՄՆ-ի Սուրիոյ հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի։ Այս վերջինը անցեալին Անգարայի մէջ պաշտօնավարած էր որպէս ԱՄՆ-ի դեսպան։ Ճէյմս Ճեֆրի հիւրընկալուեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի, Արտաքին գոն կողմէ։ Անգարայի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ռուսաստանի երէկուան ռմբակոծումները սահմանափակ մնացած են Իտլիպ քաղաքի հարաւ-արեւմուտքի շրջաններով։ Ուստի, եթէ աւելի լայնածաւալ գործողութիւններ ըլլան, ապա տարածքաշրջանը անխուսափելի դժոխքի մը կրնայ վերածուիլ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, թրքական կողմը Մերձաւոր Արեւելքի եւ Սուրիոյ վերաբերեալ իր մտածումները եւ մտահոգութիւնները յանձնեց Ճէյմս Ճեֆրիի նկատառման։ Ռուսաստան Իտլիպի պարագան խնդրայարոյց կը համարէ՝ որովհետեւ իր Հըմէյմիմ ռազմախարիսխը կ՚ենթարկուի յարձակումներու։ Անգարա կողմնակից է այս խնդրի ոչ թէ քարտէսի վրայով, այլեւ ծայրայեղ տարրերու համոզմամբ տարածքաշրջանէ հեռացման միջոցաւ կարգաւորման։ Թրքական կողմը Ճեֆրիի նկատառման յանձնեց նաեւ, որ Սուրիոյ չափաւոր ընդդիմադիրները իշխանութեան չեն ձգտիր, այլեւ կը պահանջեն վայր մը, ուր կրնան ապրիլ առանց իրենց անվտանգութեան դէմ սպառնալիքներու։ Անոնք Իտլիպէն զատ երթալիք տեղ մը չունին։ Թուրքիա ներկայ փուլին մտահոգ է այն առումով, որ դարձեալ գաղթականներու ալիք մը դիմագրաւելու ստիպողութիւնը կրնայ ունենալ։ Այդ պարագային թրքական կողմը պիտի ակնկալէ արեւմտեան աշխարհի օժանդակութիւնը։
Անգարայի մէջ Ճէյմս Ճեֆրիի նկատառման յստակօրէն յանձնուեցաւ, որ Սուրիոյ ներքին պատերազմի պատրուակով Թուրքիա բացարձակապէս պիտի չհանդուրժէ իր հարաւային սահմաններու երկարութեամբ քրտական գօտիի մը ստեղծման, պետականութեան մը ձեւաւորման։ Անգարա հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ ահաբեկչական ՓԵՏ կազմակերպութեան յանձնուած զինամթերքը ետ հաւաքելու խնդիրը։
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը երէկուան ռմբակոծումներէն վերջ յայտարարեց, որ Իտլիպ քաղաքը ահաբեկիչներու բոյն մըն է։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ այդ ահաբեկիչները Սուրիոյ ամբողջին տեսակէտէ մեծ վտանգ մը կը համարուին։ Քրեմլինի յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ առկայ խնդիրները պիտի շօշափուին 7 սեպտեմբերին Իրանի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովին ժամանակ։ Միջազգային աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ ռուսական զօրքերու գործողութիւններէն վերջ Սուրիոյ բանակն ալ սկսած է թնդանօթներ արձակել Իտլիպի վրայ։
ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Սթեֆան տը Միսթուրան ալ երէկ զգուշացուց, որ Իտլիպ քաղաքը կրնայ արեան լիճի մը վերածուիլ։ Ընդհանուր քարտուղարը կոչ ուղղեց, որպէսզի Էրտողան եւ Փութին կարգաւորեն այս խնդիրը։
Առկայ խտացեալ դիւանագիտական երթեւեկի պայմաններուն ներքեւ Անգարա այսօր կը հիւրընկալէ նաեւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասը։ Այս վերջինը երէկ յայտարարեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն՝ Իտլիպի պարագային մարդկային աղէտի մը ծագիլը կանխելու համար։