ԵՆԻԳԻՒՂԻ ՅՈՒՆԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ «ԹԷՈԹՈՔԻԱ 2022» ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Ենիգիւղի յունաց Այա Փանայիա եկեղեցին այս ամրան հիւրընկալեց «Թէոթոքիա 2022» մշակոյթի փառատօնը, որ խանդավառ համերգով մը եզրափակուեցաւ շաբաթավերջին։ «Փոխանակում» նիւթին ձօնուած էր այս տարուան փառատօնը, որու շրջանակին մէջ ամրան ամիսներուն կազմակերպուեցան լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, գիրքի շնորհանդէսներ, ասուլիսներ եւ այլ ձեռնարկներ։ Փառատօնի եզրափակիչ երեկոյթին ելոյթ մը ունեցաւ Յունաստանէն «Էնարէ» ռեպեթիքօ երաժշտութեան խումբը։ Առաջին անգամ Թուրքիա կ՚այցելէր այս խումբը, որ իսկապէս հմայեց ունկնդիրները։

Ենիգիւղի Այա Փանայիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լաքի Վինկաս հանդէս եկաւ հիւր երաժիշտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022