ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՆՈՐ «ARET’İN YERİ» ՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երիտասարդ ձեռներէցներէն Արէտ Սիլահլը Պէյօղլուի մէջ բացած է նոր ճաշարան մը։ Արէտ Սիլահլը անուն մըն է, որու համբաւը հետզհետէ կը տարածուի կապելա-ճաշարանի աշխարհէն ներս։ Իր արձանագրած վերելքը անշուշտ ուղիղ համեմատութեան մէջ է իր մատուցած ծառայութեան որակով։
Արէտ Սիլահլը ծնած է Իսթանպուլի մէջ, հայրը Հաթայէն է, իսկ մայրը՝ Մարտինէն։ Իր կրթութիւնը ստանալէ վերջ նախ նետուած է ոսկերչութեան ասպարէզի, սակայն աւելի վերջ որոշած է երթալ արմատական փոփոխութեան մը։ Այս հիման վրայ ճաշարաններու աշխարհէն ներս մուտք գործած է Օրթագիւղի մէջ։ Այնտեղ միջազգային խոհանոցով ճաշարանի մը մէջ սկսած է աշխատիլ։ Միջոց մը վերջ իր ընկերներուն հետ տեղափոխուած է Պէյօղլուի շրջանը։ Կալաթասարայի մէջ «Չուքուր» կապելայով սկսած է այդ փորձառութիւնը։ Երեք տարի առաջ, Պէյօղլուի Հասնուն Կալիփ փողոցին մէջ Արէտ Սիլահլը բացած է իր առաջին սեփական ճաշարան-կապելան՝ զայն կոչելով «Aret'in Yeri»։ Միջոց մը վերջ, նոյն փողոցին մէջ ան բացած է երկրորդ ճաշարան մը, որ կոչուած է «Aret'in Yeri Teras»։
Ի լրումն այս բոլորին, Արէտ Սիլահլը բոլորովին վերջերս նոր ճաշարան մը բացած է այս անգամ Պալըքփազարըի Նեւիզատէ փողոցին յարակից Քամերիէ փողոցին մէջ։ Այս նոր ճաշարանը բանալու ժամանակ Արէտ Սիլահլը պահպանած է «Aret'in Yeri Teras»ը, սակայն փակած է Հասնուն Կալիփ փողոցէն ներս բացած իր առաջին ճաշարանը։ Հիմա նոր բացուած ճաշարան-կապելան կը կոչուի «Aret'in Yeri Nevizade»։ Այս նոր ճաշարանն ալ ունի իր ընդարձակ պատշգամը, նաեւ բնականաբար փակ տարածք մը։
Արէտ Սիլահլը մեզի յայտնեց, որ ունի մեր համայնքային շրջանակներէն բազում յաճախորդներ ու կը յուսայ, որ իր նոր նախաձեռնութան զուգահեռ անոնց թիւն ալ կ՚արձանագրէ վերելք։ Ան միեւնոյն ժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնեց յարմարագոյն պայմաններով հիւրընկալելու համար ինչպէս անհատական, այնպէս ալ համայնքային հաստատութիւններու հաւաքոյթները։ Արէտ Սիլահլը նշեց, որ կ՚աշխատի լաւ խումբի մը հետ, կը վստահի իր խոհանոցի անձնակազմի արտադրանքի մակարդակին եւ իրենց նպատակն է հիւրերուն համար ապահովել ջերմ մթնոլորտ մը եւ որակեալ սպասարկութիւն։