ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ
Յառաջիկայ Երկուշաբթի՝ Հոկտեմբերի 10-ին, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Իսթանպուլի մէջ Փութին պիտի մասնակցի Համաշխարհային ուժանիւթի համաժողովին։ Միեւնոյն ժամանակ ռուս ղեկավարը պիտի հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Երկու ղեկավարներուն տեսակցութիւնը, բնականաբար, կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն՝ մանաւանդ, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան մօտաւոր անցեալի ճգնաժամը յաղթահարելով իրենց համագործակցութեան թափ տալու ճամբուն վրայ են։ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները առանձնապէս կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամին տեսակէտէ։ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփ-րատի վահան» ծրագիրը աւելի քան ամիսէ մը ի վեր ընթացքի մէջ է ազդու ձեւով ու վերաձեւաւորած՝ տարածքաշրջանի բոլոր հաւասարակշռութիւնները։ Սուրիոյ մէջ մէկ կողմէ հակառակ հրադադարի որոնումներուն կը սաստկանան բախումները, իսկ միւս կողմէ այդ հակասական երեւոյթներով պայմանաւորուած՝ տարաձայնութիւնները կը խորանան Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Հետեւաբար, Սուրիոյ հարեւան տարածքաշրջանի հիմնական դերակատարներէն Թուրքիոյ հետ Ռուսաստանի համագործակցութիւնը այս նիւթին շուրջ ունի բախտորոշ նշանակութիւն։
Ուստի, Էրտողան եւ Փութին նման իրավիճակի մը մէջ պիտի ծաւալեն իրենց քննարկումները, մինչ թուրք-ռուսական համագործակցութեան օրակարգէն միշտ անպակաս կ՚ըլլայ նաեւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան հեռանկարը։
Միւս կողմէ, Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան ընդառաջ հաղորդուեցաւ, որ Ռուսաստան «S-300» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգեր տեղակայած է Սուրիոյ տարածքէն ներս։ Ռուսական կողմը աւելի առաջ ալ այդ երկրէն ներս տեղակայած էր նոյն ձեւով «S-400» համակարգեր։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բամբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտարարեց, որ նոր տեղակայուած համակարգերը ունին բացառապէս պաշտպանական նպատակներ, սպառնալիք չեն ոեւէ մէկուն դէմ, ուստի անտեղի է արեւմուտքէն ներս ստեղծուած անհանգստութիւնը։ Բանբերը յայտնեց, թէ այդ համակարգերը պիտի պաշտպանեն Ռուսաստանի Սուրիոյ ծովային ռազմախարիսխը՝ Թարթուսը եւ շրջանի ռազմանաւերը՝ օդէն գալիք հաւանական յարձակումներու դէմ։