ՓՐՈՖ. Հուրի Պէրպէրեան՝ Ամպիոնի Վարիչ
Գալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Հուրի Պէրպէրեան միացած է համալսարանի դասախօսական անձնակազմին, իբրեւ Հայագիտական ուսմանց Մեղրունի ընտանիքի նախագահական ամպիոնի վարիչ։
Բաց աստի, համալսարանին նեցուկ կանգնող տոքթորներ Արմինէ եւ Վահէ Մեղրունիները, աջակցութեամբ տեղւոյն հայ համայնքին՝ 2 միլիոն տոլարով հաստատած էին սոյն ամպիոնը, որուն 500 հազար տոլարի աջակցութիւն ցուցաբերած էր նաեւ Գալիֆորնիոյ համալսարանի նախագահի գրասենեակը։
Փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան Միջին Արեւելքի ուսմանց վարիչն էր Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Լոնկ Պիչի մասնաճիւղին մէջ եւ մասնագիտացած է յատկապէս Հայաստանի եւ Իրանի պատմութեանց տարբեր բնագաւառներուն մէջ։ Ան ներկայիս կ՚ուսումնասիրէ 20-րդ դարու Ռուսաստանի, Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեանց մէջ յեղափոխութիւնները։
Պէրպէրեան կը յայտնէ, թէ աշխատանք պիտի տանի մօտէն գործակցելու համար այդ համալսարանին, ինչպէս նաեւ Գալիֆորնիոյ համալսարանի այլ մասնաճիւղերու եւ հայագիտական ուսմանց ծրագիրերու հետ, նորահաստատ ամպիոնը վերածելու համար ուսումնասիրական եւ ուսանողներ պատրաստելու աշխոյժ կեդրոնի մը, միաժամանակ կազմակերպելով համայնքային ձեռնարկներ։
Միւս կողմէ, Գալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ Հայաստանի եւ հայութեան նուիրուած ծրագիրներ սկսած են իրագործուելու 2007 թուականին, շնորհիւ Սիլվի Դերձակեանի ջանքերուն եւ համալսարանի պատմութեան դասախօսներէն Փրոֆ. Թուրաժ Տարիայիի աջակցութեան։ 2013 թուականին, համալսարանին մէջ «Վահէ եւ Արմինէ Մեղրունի դասախօսական շարք»ը հաստատուեցաւ՝ շնորհիւ Մեղրունիներուն կատարած նուիրատուութեան։