ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Դէպի Սերպիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Պելկրատի մէջ։ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ պաշտօնական արարողութիւնով մը դիմաւորեց Արմէն Սարգսեանը։ Երկու երկիրներու նախագահները դիմաւորման արարողութենէն վերջ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Արմէն Սարգսեան եւ Ալեքսանտր Վուչիչ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Օրուան տեւողութեան Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ Սերպիոյ ազգային ժողովի նախագահին եւ վարչապետին հետ։ Բաց աստի, նախագահ Սարգսեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Պելկրատի գիտափորձագիտական փարքին մէջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Ալեքսանտր Վուչիչ երէկուան քննարկումներու ընթացքին կանգ առին երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն վրայ։ Նախագահ Սարգսեան շեշտեց. «Մենք ունինք փոխադարձ ըմբռնման հիանալի մակարդակ մը եւ համագործակցութեան հսկայական ներուժ»։ Ան կարեւորեց փոխադարձ այցելութիւններու եւ գործարար շփումներու աշխուժացումը։ Պելկրատի մէջ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստանի քաղաքացիներու պարագային վիզայի անհրաժեշտութեան ջնջուիլը եւ Երեւանի մէջ Սերպիոյ դեսպանութեան բացուիլը կրնան կարեւոր քայլեր հանդիսանալ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Համապատասխան որոշումները արդէն ընդունուած են։ Պելկրատի հանդիպումներուն ժամանակ Արմէն Սարգսեան մատնանշեց, որ Հայաստան եւ Սերպիա ունին զանազան առումներով բազմաթիւ նմանութիւններ։

Միւս կողմէ, պաշտօնական այցելութեան առթիւ Արմէն Սարգսեան հարցազրոյց մըն ալ տուաւ Սերպիոյ «Փոլիթիքա» օրաթերթին։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Մենք սերպերը կ՚ընկալենք որպէս ոչ միայն հաւատի, այլեւ ճակատագրի եղբայրներ»։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019