ՊԱՆԾԱԼԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁ
Երեւանի Պետական համալսարանը (ԵՊՀ) այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Այս կարեւոր յոբելեանը կ՚արժեւորուի զանազան ձեռնարկներով։ Այս ամբողջին մէջ Երեւանի Օփերայէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթ մը։ Յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Ան այս առթիւ յայտնեց, որ Երեւանի Պետական համալսարանը պէտք է տեղ գտնէ աշխարհի ուժեղագոյն 500 համալսարաններու շարքին։
«Ես կ՚ուզեմ հաւատալ, թէ նոր ժամանակները նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի վերածնունդի ժամանակներ են, որովհետեւ Երեւանի Պետական համալսարանը ինչպէս եղած է, այնպէս ալ պէտք է շարունակէ մնալ Հայաստանի մէջ մտքի, գաղափարներու ընդհանրացման հիմնական տեղը եւ հարթակը, որովհետեւ նոր ժամանակներուն ազատութիւնը, ստեղծագործութիւնը, արդարութիւնը եւ ազնիւ մրցակցութիւնը, մտքի զարգացումը նոյնքան պահանջուած են, որքան պահանջուած էին մեր ժողովուրդի 20-րդ դարու կեանքի ընթացքին», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։
Յոբելենական շրջանին Երեւանի Պետական համալսարանի գիտական խորհուրդն ալ գումարեց հանդիսաւոր նիստ մը, որու ընթացքին ոսկէ մետայլներ շնորհուեցան հաստատութեան զարգացման ուղղութեամբ նշանակալի աւանդ ունեցած դասախօսներուն եւ շարք մը ուսանողներու։