ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ 17 ՌԱԶՄԱԳԵՐԻ ՅԱՆՁՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Ատրպէյճան երէկ Հայաստանին յանձնեց 17 ռազմագերի։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուեցան անոնց անունները։ Երեւանի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ գերիներու վերադարձը կարելի դարձած է Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ ու աջակցութեամբ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ բարձր կը գնահատէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ջանքերը՝ ռազմագերիներու վերադարձին աջակցելու ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ յայտնեց, որ այս իրադարձութիւնը արդիւնքն է մօտաւոր անցեալին Ուաշինկթընի մէջ, Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցած այն եռակողմանի հանդիպման, որուն մասնակցած էին ինքը, ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալըվըն եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ։
Գերիներու վերադարձին զուգահեռ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հեռախօսազրոյց մը։ Անոնք համաձայնեցան շարունակել քննարկումները՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար։ Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։ Իր կարգին, Սալըվընն ալ տեղեկացուց, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ աջակցիլ տեւական խաղաղութեան համաձայնագիր մը ապահովելու ուղղեալ ջանքերուն։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանն ալ երէկ յայտնեց, որ չի կարծեր, թէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ անցնի «Ղարաբաղ» բառը։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ Մոսկուա այցելութեան ընդառաջ։ Բաց աստի, ան կրկնեց ՀԱՊԿ-ի եւ Մոսկուայի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու շուրջ յուսախաբութիւնները։
ԱՔԱՐԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ՝ քննարկելով տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Փրակի մէջ վաղը նախագահ Էրտողանի եւ Փաշինեանի միջեւ նախատեսուած հանդիպման ընդառաջ Աքար յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ երկխօսութեան զարգացումը հնարաւոր է միայն Ատրպէյճանի շահերը հաշուի առնելով։ Այսպէս, Աքար երէկ Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Մատաթ Կուլիեւի հետ։