ՄԵՏԻԱԳՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ

Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ Մետիագրագիտութեան շաբաթը, որու շրջանակներէն ներս նախատեսուած ձեռնարկները կը շարունակուին մինչեւ նոյեմբերի 10-ը։ «Մետիագրագիտութիւնը արհեստական բանականութեան դարաշրջանին» խորագրեալ ծրագիրը կեանքի կը կոչուի՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնին կողմէ։ Կը նախատեսուի յառաջիկայ երեք տարիներուն ամրապնդել Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան կարողութիւնները՝ երիտասարդները կրթելու եւ հզօրացնելու ուղղութեամբ։ Եռամեայ ծրագիրը կ՚իրականացուի «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի Հայաստանի մասնաճիւղի ներգրաւումով։ Մետիագրագիտութեան շաբաթն ալ կազմակերպուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցաւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկեան այս կառոյցին առընթեր, Եւրոմիութիւնն ալ անմիջական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ՝ Հայաստանի մէջ մետիագրագիտութեան խթանման։

Երէկուան բացման հաւաքոյթին ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, որ տեղեկացուց, թէ հանրակրթութեան ոլորտէն ներս արդէն իսկ սկսած են արհեստական բանականութեան առանձին դասընթացքներ։ Ան ընդգծեց, որ մետիագրագիտութիւնը կրթական բարեփոխումներու ծիրէն ներս կը դիտարկուի, որպէս հիմնական մասնագիտութիւն, նաեւ կը հաստատուին կրթական այնպիսի միջոցներ, որոնք կրնան արդիւնաւէտ աշխատիլ միայն այն պարագային, եթէ ըլլան ուսանողներ, որոնք մետիայի կտրուածքով գրագէտ են։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024