ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
«Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման խողովակները քաջ յայտնի են։ Անոնք են 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թըր-քական արձանագրութիւններն ու անոնց վաւերացումը։ Քանի որ Թուրքիա հրաժարեցաւ այդ արձանագրութիւններու վաւերացումէն, ինքն իսկ փակեց ու կը փակէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման խողովակները»։