ՄԵԾ ՇՐՋԱՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան յոբելենական 110-ամեակի շրջանին նշանաւորուեցաւ խորհրդանշական ձեռքբերումով մը, որ ունի մեծ նշանակութիւն։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու նախարարութիւնը արժեւորեց հայ մամլոյ նահապետի երկարամեայ առաքելութիւնը։ «Հայփոստ» ընկերութիւնը թողարկեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ձօնուած նամականիշ մը։ Սա թերթիս հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական հանգրուանին կը վերագրէ խորհրդանշական նոր իմաստ մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աւելի քան դար մը տեւած ոդիսականը, արդէն 111 տարուան ուղեւորութիւնը այս նամականիշի թողարկումով կը մարմնաւորուի զուգահեռ խորհուրդով մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ոդիսականը խորքին մէջ մեծ շրջանառութիւն մըն է եւ այս դրոշմաթուղթի թողարկումը լիարժէք ձեւով կը համընկնի անոր պատկերաւոր իմաստին։

«Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ՝ «Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» նիւթով թողարկուած դրոշմաթուղթը Երեւանի մէջ վերջերս կնքուեցաւ յատուկ արարողութիւնով մը։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սարեան փողոցի մեծ նամակատան համալիրէն ներս, «Հայփոստ»ի ուսումնական կեդրոնի մուտքասրահին։ Սոյն նամականիշի թողարկումը եւ անոր կնքման արարողութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունէր նաեւ պոլսահայ մեծ ժառանգութեան գնահատման տեսակէտէ, ինչ որ ընդգծուեցաւ հանդիսութեան ընթացքին եւս։ Առաջին օրուան ծրարը ստորագրեցին եւ նամականիշը կնքեցին՝ Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու փոխ-նախարար Արմէն Արզումանեան, «Հայփոստ» ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Խուան Փապլօ Քեչեճեան, Հայաստանի Ֆիլաթելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։

Հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց «Հայփոստ»ի ֆիլաթելիստական վաճառքի բաժնի ղեկավար Մարկարիթա Յակոբեան։ Այսպէս, ան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ թողարկուած նամականիշին շուրջ։ «Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» նիւթով դրոշմաթուղթը ունի 100 հայկական դրամի անուանական արժէք։ Ան տպագրուած է Ֆրանսայի «Քարթոր» տպագրատան մէջ՝ 30 հազար տպաքանակով։ Գեղարուեստական ձեւաւորման հեղինակն է «Հայփոստ»ի մասնագէտներէն Դաւիթ Տովլաթեան։ Նամականիշին վրայ պատկերուած են՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիրները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրները, այնտեղ ներկայացուած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին խմբագրատան շէնքը եւ լոկոն։ Առաջին օրուան ծրարներուն վրայ կայ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան շրջանի լոկոն, որ տասնամեակներ շարունակ պահ-ւած է՝ դոյզն փոփոխութիւններով։

Այս արարողութիւնով «Հայփոստ»ի «Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» անուանեալ դրոշմաթուղթը արդէն շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ պաշտօնապէս։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2018