ԿՌՓԱՄԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ՝ 2021 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԱՊՐԻԼԻՆ

Ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի վարկանիշային մրցաշարքը կը վերսկսի յառաջիկայ 2021 թուականի ապրիլին։ Այսպէս, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի խաղերուն վարկանիշային մրցաշարքը՝ Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ, պիտի վերսկսի ապրիլ 2021 թուականին, դարձեալ Լոնտոնի մէջ:

Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ.), որ յաղթեց Իսրայէլի ներկայացուցիչ Դաւիթ Ալավերտեանին, ողիմպիականի տոմս ապահովեց:

Հայ կռփամարտիկներէն շատերը  չշարունակեցին իրենց մրցումները՝ նկատի ունենալով, որ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն քորոնաժահրին պատճառով դադրեցուց մրցաշարքը:

Բաց աստի, թէեւ «Թոքիօ-2020»ի 32-րդ Ամառնային ողիմպիական խաղերը յետաձգուեցան, սակայն պիտի պահեն իրենց անունը, հակառակ անոր որ տեղի պիտի ունենան 2021-ի յուլիս23-օգոստոս 8 թուականներուն միջեւ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2020