ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի եւ նոյն խորհուրդի գործադիր տնօրէն Փոլ Եպսկ. Թայի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան խոր մտահոգութիւն յայտնեց այն վտանգին համար, զոր յետպատերազմեան շրջանին կը սպառնայ Արցախի հայ-քրիստոնէական ժառանգութեան եւ այլ պատմամշակութային յուշարձաններուն դէմ։ Ան տեղեկացուց, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստեղծուած է մասնաւոր կեդրոն մը, որու նպատակն է հետամուտ ըլլալ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման, որպէսզի հինաւուրց հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը, այլ պատմական յուշարձաններ փրկուին ոչնչացումէ եւ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի գլխաւորութեամբ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նշեց, որ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը Հայ Եկեղեցւոյ տեսակէտէ առաքելութեան մաս եւ առաջնահերթութիւն կը համարուի՝ նկատի ունենալով մօտաւոր անցեալին Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի վերահսկած կարգ մը շրջաններէ ներս մեծ թիւով խաչքարերու, եկեղեցիներու եւ այլ պատմական յուշարձաններու ծրագրաւորուած ձեւով ոչնչացման փաստը։

Հուսկ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան խնդրեց, որ Վատիկանն ալ աջակցութիւն ցուցաբերէ այս ուղղութեամբ։

Կարտինալ Ռավազի շնորհակալութիւն յայտնեց նորին սրբազնութեան կողմէ փոխանցուած կարեւոր տեղեկութիւններուն համար։ Ան վերյիշեց դէպի Հայաստան իր երկու այցելութիւնները՝ մանաւանդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Վեհափառ Հայրապետին հետ ունեցած ջերմ հանդիպումը։ Կարտինալը վստահեցուց, թէ Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն եւ պատրաստակամ է իր փորձառութիւնը եւ ազդեցութիւնը ի սպաս դնելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին աջակցելու համար։ Կարտինալը շեշտեց նաեւ, որ Վատիկանը մտադիր է այս խնդիրը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ուշադրութեան յանձնելու՝ հայոց քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանման տեսանկիւնէն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2020