ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ձախողումով պայմանաւորուած քաղաքական տագնապը կը շարունակէ բնորոշել Հայաստանի հրատապ օրակարգը։ Շաբաթներէ ի վեր օրակարգի վրայ է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը։ Մէկ կողմէ կառավարութիւնը կը փորձէ դիմադրել, իսկ միւս կողմէ ընդդիմութիւնը կը ջանայ աւելի ազդու ձեւով հակազդել։ Անհեռանկար այս կացութիւնը միայն ու միայն ժամանակի կորուստ կը համարուի։ Ժողովրդական յենարաններէ զրկուած իշխանութիւնները, ըստ երեւոյթին, ժամանակ շահիլ կը ձգտին, սակայն Հայաստանէն հասած լուրերը կը վկայեն, թէ այդ ջանքերու յաջողութիւնը երաշխաւորուած չէ։

Մինչ վարչապետ Փաշինեանի շուրջ օղակը կը սեղմուի, երէկ, հայաշխարհի ամենաազդու գործիչներէն մին ալ անոր վերջնագիր մը ներկայացուց։ Այսպէս, ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար, «Տաշիր կրուփ»ի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան պահանջեց Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Հարկ է նշել, որ ան Հայաստանի մէջ ունի հսկայական ներդրումներ։ Տակաւին քանի մը օր առաջ իր եղբայրը՝ Կարէն Կարապետեանն ալ պահանջած էր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

Ըստ Երեւանէն հասած լուրերուն, Սամուէլ Կարապետեան երէկ www.news.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ առկայ իրավիճակէն ելքը Հայաստանի վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականն է, անցումային դահլիճի մը ձեւաւորումը եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացումը։

Սամուէլ Կարապետեան նշած է, որ Հայաստանն ու Արցախը այսօր դժուարին, առանց չափազանցութեան՝ ողբերգական ժամանակներ կ՚ապրին։ Կը գրուի հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաողբերգական էջերէն մին։ Հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տալով հանդերձ թիւով ու թեքնիկապէս զգալիօրէն գերազանցող Ատրպէյճանի զօրքերուն դէմ, կորսնցնելով հազարաւոր զինուորներու անգնահատելի կեանքը՝ հայկական կողմը այնուամենայնիւ ձախողած է պատերազմի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կորսնցուցած է իր տարածքի զգալի մասը։ «Մենք պէտք է խոստովանինք եւ ստիպուած ենք արձանագրել, որ Հայաստանի մէջ գործող կառավարութիւնը չէ կարողացած կառավարել հայկական պետութիւնը։ Ան չկարողացաւ կատարել իր ամենակարեւոր պարտականութիւններէն մին՝ ապահովել հայկական բանակի մարտունակութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը։ Իր վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը սխալ էր եւ աղէտի յանգեցուց։ Այս աղէտի ծաւալները քանի մը անգամ աւելի մեծ կ՚ըլլային, եթէ չըլլային Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդական ջանքերը, բացառապէս որոնց շնորհիւ դադրեցաւ պատերազմը եւ պահպանուեցաւ Արցախը։  Ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն վերջ մեր հայրենիքը յայտնուեցաւ շուտափոյթ լուծման կարօտ ամենաբարդ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներու առջեւ։ Ուստի, մենք չենք կրնար ժամանակ կորսնցնել եւ իրաւունք չունինք զբաղելու ինքնախաբէութեամբ։ Մենք բոլորս եւ առաջին հերթին ինքն իսկ՝ ներկայ կառավարութիւնը պէտք է խոստովանինք, որ շարք մը պատճառներով վարչապետ Փաշինեանն ու ներկայ կառավարութիւնը այլեւս ի վիճակի չեն հայ հասարակութեան ներուժը շինիչ հունի մը մէջ դնելու, ժողովուրդը համախմբելու եւ ձեռնարկելու մեր առջեւ կանգնած լուրջ խնդիրներու լուծման», նշած է Սամուէլ Կարապետեան։

Առկայ իրավիճակէն միակ ճիշդ ելքը, Սամուէլ Կարապետեանի խօսքով, անարիւն իշխանափոխութիւնն է։ Վարչապետի եւ կառավարութեան անյապաղ հրաժարականը, անցումային նախարարաց խորհուրդի ձեւաւորումն ու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացումը դարձած են անհրաժեշտ, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացիները նոր իշխանութիւն մը ընտրեն։

«Մենք պէտք է ամենակարճ ժամկէտներու մէջ սկզբունքօրէն նոր օրակարգ ձեւաւորենք Հայաստանի զարգացման համար։ Իրատես ճանապարհային քարտէս մը պէտք է ստեղծենք մեր տնտեսութեան վերականգնման համար։ Որոշենք երկրի արտաքին քաղաքականութեան ճիշդ ընտրութիւնը՝ հաշուի առնելով տեղի ունեցած իրադարձութիւններու փորձառութիւնը։ Հնարաւորինս արագ պէտք է բուժենք վէրքերը, պէտք է վերականգնենք ազգի հաւատը իր ուժերուն նկատմամբ ու պէտք է սկսինք Հայաստանի եւ Արցախի վերածնունդին։ Վստահ եմ, թէ մենք կրնանք ընել այս բանը։ Մեր յաղթանակներու ժամանակը մեր առջեւն է եւ մենք այդ մէկը բաց թողնելու իրաւունք չունինք», եզրակացուցած է յայտարարութիւնը Սամուէլ Կարապետեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2020