ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐ
Երեւանի արուարձաններէն Դաւթաշէնի մէջ կառուցուած է Reebok մարզական ակումբը։ Ընդարձակ համալիր մըն է այս մէկը, որմէ ներս մարմնամարզի զանազան ճիւղերուն համար կ՚ընձեռուին հնարաւորութիւններ։ Ներկայիս կը շարունակուի համալիրի ներքին աշխատանքը՝ յարդարանքէն մինչեւ կահաւորում, որոնց պիտի յաջորդէ մարզական սարքաւորումներու տեղադրումը։
Շաբաթավերջին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շրջայց մը կատարեց այս համալիրէն ներս, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ուղեկցութեամբ։ Ան այս ակումբիհիմնադիրներուն եւ ղեկավարներուն ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ կատարուած աշխատանքի արդիւնքին։
Միջազգային չափանիշներու համապատասխան այս համալիրին բացումը նախատեսուած է յառաջիկայ Ապրիլին։ Այս ծրագրին ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 23 միլիոն եւրօ եւ այդ գումարին շուրջ 19.5 միլիոնը արդէն ներդրուած է։ Տարածքաշրջանէ ներս Reebok ամենամեծ մարմնամարզի ակումբն է, որ հիմնուած է այդ աշխարհահռչակ վաճառանիշին հետ կնքուած ֆրանչայզինկի պայմանագրի մը հիման վրայ։ Ակումբը ունի հնարաւորութիւն՝ տարեկան շուրջ 15 հազար մշտական յաճախորդի սպասարկելու։ Այս համալիրէն ներս այլ երկու աշխարհահռչակ ընկերութիւններու ներկայացուցչութիւններն ալ պիտի գործեն։
Ներդրումային ծրագրի շրջանակներէն ներս կը նախատեսուի ստեղծել նաեւ վնասուածքներով արհեստավարժ մարզիկներու եւ ոչ-արհեստավարժներու համար վերականգնման մարզական կեդրոն մը՝ օժտուած այս ոլորտի նորագոյն սարքաւորումներով։