ՎԻՃԱԿԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար ե­րէկ այ­ցե­լեց երկ­րի հա­րա­ւա­յին սահ­ման­նե­րը։ Կա­զիան­թէ­պի եւ Քի­լի­սի մէջ ան տեղ­ւոյն վրայ քննար­կեց զօր­քե­րուն կա­ցու­թիւ­նը ու տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին զօ­րա­վար Ա­քա­րին ըն­կե­րա­ցան ցա­մա­քա­յին եւ օ­դա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար­նե­րը։

Զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար գոր­ծո­ղու­թեան կեդ­րո­նին մէջ շրջա­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւն­նե­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ուղ­ղեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վեր­ջին կա­ցու­թեան եւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­ներ ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հին տե­ղե­կա­ցու­ցին ի­րենց հա­մա­պա­տաս­խան ար­ժե­ւո­րում­նե­րը։

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծով վեր­ջին օ­րե­րուն դար­ձեալ ազ­դու հա­րուած­ներ կը հասց­նեն Ի­ՇԻՊ-ին «(Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան Ռաք­քա քա­ղա­քէն Էլ Պապ մեկ­նած չորս պա­րագ­լուխ­ներ սպան­նուած են վեր­ջին օ­րե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ Էլ Պապ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր թրքա­կան բա­նա­կին կող­մէ պա­շա­րուած է։ Վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ընդ­հան­րա­պէս ոչն­չա­ցուած են յի­սուն­մէկ ա­հա­բե­կիչ­ներ։ Մինչ այդ, Սու­րիոյ բա­նա­կի զօր­քերն ալ կը յա­ռա­ջա­նան դէ­պի Էլ Պապ։ Երկ­րի ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տին են­թա­կայ զօր­քե­րը ար­դէն խզած է դէ­պի Էլ Պապ ա­ռա­քում­նե­րու ճա­նա­պար­հը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, սու­րիա­կան բա­նա­կը շա­բա­թա­վեր­ջին ձեռք ան­ցուց Էլ Պա­պի հա­րա­ւի Ա­յա­շիէ գիւ­ղա­քա­ղաքն ու բլու­րը։ Ա­յա­շիէն կը գտնուի Էլ Պա­պի հա­րաւ-ա­րե­ւել­քին, քա­ղա­քէն 4 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ։ Ի­ՇԻՊ-ի գործ­նա­կան մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ռաք­քան եւ Էլ Պա­պը միաց­նող միակ ճա­նա­պար­հէն հա­զիւ կէս քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուի Ա­յա­շիէն, ինչ որ Ի­ՇԻՊ-ի տե­սա­կէ­տէն ու­նի ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Ներ­կայ պայ­ման­նե­րով՝ Սու­րիոյ բա­նա­կը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նայ կրա­կի տակ առ­նե­լու ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կեն­սա­կան այդ ճա­նա­պար­հը։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ ԼԱՒ­ՐՈՎ

 Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով յայ­տա­րա­րեց, որ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի կող­մե­րը պատ­րաստ են երկ­խօ­սու­թեան։ Աւստ­րիա­կան «Փրո­ֆիլ» թեր­թին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Լաւ­րով յայտ­նեց, որ Ժը­նե­ւի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յե­տաձ­գուած են Փետ­րուա­րի 20-ին եւ ի­րենք զա­նա­զան քայ­լե­րու կը ձեռ­նար­կեն՝ այդ գոր­ծըն­թա­ցը խրա­խու­սե­լու հա­մար։ Ռուս նա­խա­րա­րը յոյս յայտ­նեց, թէ Դա­մաս­կո­սի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ու Սու­րիոյ զի­նեալ ընդ­դի­մու­թիւ­նը պի­տի անց­նին ուղ­ղա­կի շփման մէջ։ Սու­րիոյ ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­նե­րուն եւ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ շփում­նե­րուն ցարդ չէին մաս­նակ­ցած զի­նեալ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը։ Ա­նոնք ա­ռա­ջին ան­գամ Աս­տա­նա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին շփուե­ցան ի­րա­րու հետ։ Այս­պէ­սով, ըստ Լաւ­րո­վի, Սու­րիոյ կող­մե­րը ի յայտ բե­րին, որ պատ­րաստ են երկ­խօ­սու­թեան՝ որ­քան որ ալ չփո­խեն ի­րենց դիր­քո­րո­շում­նե­րը։

 

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017