ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ Ա. ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպի Վատիկան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ տեսակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ 59 տարի վերջ առաջին անգամ Թուրքիայէն հանրապետութեան նախագահի մակարդակին վրայ պաշտօնական այցելութիւն մը տրուեցաւ Վատիկան։ Առաքելական պալատէն ներս զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը։ Ընդգծուեցաւ, որ պէտք է պահպանուի Երուսաղէմի միջազգայնօրէն ճանչցուած կարգավիճակը։ Հանրապետութեան նախագահի եւ Քահանայապետի զրոյցի օրակարգին վրայ էր նաեւ իսլամատեացութեան խնդիրը։

Էրտողան ուղեւորութեան ընթացքին ճաշկերոյթով մը մեծարուեցաւ Իտալիոյ նախագահ Մաթարելլայի կողմէ։ Ան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Ճենթիլիոնիի հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018