ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆԻ «ԾԱՂԻԿՆԵՐ»Ը

Մարտիրոս Սարեանի ապակիի վրայ նկարած «Ծաղիկներ» գործը, որ երկար տարիներ եղած է Մոսկուայի մէջ, առաջին անգամ ըլլալով մէկ շաբաթով կը ցուցադրուի Երեւանի մէջ։ Արուեստասէրները զայն կրնան դիտել Փետրուարի 28-Մարտնի 7 թուականներուն միջեւ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ։

«Հայաստանի մէջ երբեք չէ ցուցադրուած «Ծաղիկներ»ը։ Այդ աշխատանքը Սարեան ստեղծած է «Մարտիրոս Սարեան» շարժապատկերին համար եւ զայն նուիրած ժապաւէնի բեմադրիչ Մարաթ Վարժապատեանին։ Հաւանաբար, անոր ընտանիքը ժամանակի ընթացքին վաճառած են այդ գործը, եւ ան յայտնուած է ռուս հաւաքորդ Եուրի Նոսրովի անձնական հաւաքածոյին մէջ», նշած է Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի գլխաւոր ֆոնտապահ Սոֆիա Սարեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այդ ընթացքին տեղի կ՚ունենայ նաեւ «Սարեանը կը նկարէ ծաղիկներ» գրքի եւ «Մարտիրոս Սարեան» փաստավաւերագրական ֆիլմի տեսասկաւառակի շնորհանդէսը։ Կը ցուցադրուին ժապաւէնի ստեղծման ընթացքին առնուած լուսանկարները։

«Մարտիրոս Սարեան» փաստավաւերագրական շարժապատկերը ստեղծուած է 1965 թուականին «Հայֆիլմ» շարժանկարի աշխատանոցին մէջ, բեմադրիչն է Լ. Վաղարշեան, նիւթի հեղինակը՝ Ի. Էրենպուրկ, երաժշտութիւնը գրած է Ղ. Սարեան։

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018