ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան յարկին տակ վաղը պիտի կայանայ բեմադրիչ, դերասան Սերկէյ Թովմասեանի՝ «Մէկ այլ ջերմութիւն» խորագրեալ փայտէ գեղազան աշխատանքներու ցուցահանդէսը, իսկ երեկոյեան դերասան եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի «Իմ ընտանիքը իմ ճամպրուկին մէջ է» մենաներկայացումը:

Այս մասին բացատրութիւններ տուած է Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան պատասխանատու Մարիամ Անդրէասեան:

«Սերկէյ Թովմասեանի աշխատանքներէն իւրաքանչիւրը ունի իր հետաքրքրական պատմութիւնն ու ըսելիքը: Դերասանական շնորհքը հնարաւորութիւն կու տայ հեղինակին՝ ստեղծելու իւրօրինակ փայտէ կերպարներ՝ գիւղական տեսարաններ, աստուածաշնչեան առակներ, մարդկային ու կենդանական կերպարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը տարբերի իր յուզական աշխարհով։ Ցուցահանդէսը Արցախի մէջ պիտի կայանայ առաջին անգամ»,  ըսած է Մարիամ Անդրէասեան։

Անդրադառնալով «Իմ ընտանիքը իմ ճամպրուկին մէջ է» մենաներկայացման՝ ան ըսած է, որ անիկա Նարինէ Գրիգորեանի ընտանիքի իրական պատմութիւնն է, որ զուգորդուած է պատերազմի հետ:

«Ներկայացումը պատմութիւնն է դերասանուհիին՝ Արցախի եւ Հրազդանի մէջ անցուցած մանկութեան մասին, պատերազմի հետեւանքներու, ամէն կրակոցէ ու ականի պայթիւնէ նկուղի մէջ թաքնուող փոքրիկներու, հօր գերութեան ու ազատումի, պատերազմը բնորոշող իրավիճակներու մասին», ըսած է Մարինէ Անդրէասեան:

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018