ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որ տեւեց 2 ժամ 15 վայրկեան։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին հիմնական քննարկման նիւթը դարձաւ ՖԵԹԷՕ-ականներու արտայանձնումը։ Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Ցիփրաս Անգարայի համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յոյս յայտնեցին, թէ առկայ խնդիրները կը լուծուին երկխօսութեան միջոցաւ։

Նախագահ Էրտողան Աթէնքի ղեկավարութեան ակնկալութիւնները բանաձեւեց ըստ հետեւեալի. «Յունաստան պէտք չէ վերածուի ՖԵԹԷՕ-ի, ՓՔՔ-ի, ՏՀՔՓ-Ճ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներու ապաստան գտած ապահով երկիրը։ Մենք կը հաւատանք, թէ մեր բարեկամներուն հետ առկայ ամէն տեսակ խնդիրը կրնանք կարգաւորել երկխօսութեամբ։ Աւելի համագործակցութիւն կ՚ակնկալենք մեր հարեւան Յունաստանէն»։

Իր կարգին, Ալեքսիս Ցիփրասն ալ նշեց, որ բանակցութիւններուն ժամանակ թէ՛ ինքը եւ թէ նախագահ Էրտողան ճակատագրապաշտ մօտեցումի մը մէջ չեն եղած։ Իր խօսքով՝ Յունաստան բացարձակապէս նպատակ չունի խրախուսելու պետական հարուածները։ «Մենք մտադիր չենք դատապարտուելու մեր տարածքաշրջանի խնդիրներուն։ Կը ձգտինք լուծում գտնել երկխօսութեան ծիրի մէջ», ըսաւ հիւր վարչապետը։

Երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ կիպրական հարցը, Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները։ Արեւմտեան Թրակիոյ խնդիրներն ալ առարկայ դարձան երկու ղեկավարներու ուշադրութեան։ Էրտողան յայտնեց, որ եթէ Արեւմտեան Թրակիոյ թուրքերուն միւֆթիի խնդրին լուծում մը տրուի Յունաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, ապա Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքի վերաբացման հարցն ալ կը կարգաւորուի։ «Մեր փոքրամասնութիւնները մեզի համար ամուր կամուրջներ են։ Յունաստանաբնակ մեր ցեղակիցները եւ Թուրքիոյ յունական արմատներով մեր հայրենակիցները մեզի համար տարանջատման գործօններ չեն, ընդհակառակն՝ համագործակցութեան առիթներ են», ըսաւ Էրտողան։

Ալեքսիս Ցիփրաս Անգարայի շփումները աւարտելով իր այցելութեան ծրագիրը այսօր կը շարունակէ Իսթանպուլի մէջ։ Ան կ՚այցելէ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, նաեւ Հէյպէլի կղզիի վանքը՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքին հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019