ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵ

Երէկ, Ապու Տապիի մէջ, Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը եւ Էլ-Ազհարի Իսլամական համալսարանի (Գահիրէ) Ահմէտ էլ Թայէպ շէյխը ստորագրեցին պատմական նշանակութիւնով փաստաթուղթ մը։ Երկու հոգեւոր առաջնորդներուն կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրը հետամուտ է խրախուսելու աշխարհի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Անոնք Ապու Տապիի մէջ «Մարդկութեան եղբայրներ» խորագրեալ համաժողովին կը մասնակցէին միասնաբար։ Հռոմի Պապը եւ Էլ-Ազհարի շէյխը այս առթիւ կոչ ուղղեցին իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն, որպէսզի վերադառնան մարդկային ակումբներուն եւ վերջ տան պատերազմներուն։ Հարկ է նշել, որ սոյն փաստաթուղթը պատրաստուած է երեք բնօրինակով։ Այսպէս, անոնցմէ մին կը մնայ Հռոմի Պապին, միւսը՝ Էլ-Ազհարի շէյխին ու երրորդն ալ Ապու Տապիի կառավարութեան մօտ։

Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումն ալ սոյն փաստաթուղթի ստորագրման բերումով հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը եւ սոյն համաձայնագիրը որակեց ներկայ դարու կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մին։

Հարկ է նշել, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ քահանայապետ մը կ՚այցելէ Արաբական թերակղզի։ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը այնտեղ մատուցած է նաեւ Ս. Պատարագ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019