ՄԱՔՐՈՆ ԱՊՐԻԼԻ 24-Ը ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Երէկ երեկոյեան Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքը, որուն մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ նախագահ Մաքրոնի հանդիպումը տեղի ունեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկայ էին նաեւ ֆրանսական քաղաքական շրջանակներէ յայտնի դէմքեր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Էմմանիւէլ Մաքրոն ելոյթ մը ունեցաւ երեկոյթի ընթացքին եւ այս առթիւ յարգանքով վերյիշեց նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը։

Հաւաքոյթի ընթացքին Մաքրոն խօսեցաւ նաեւ հայկական հարցին շուրջ եւ ընդգծեց, որ Ապրիլի 24-ը Ֆրանսայի մէջ կը հռչակուի «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր»։ Իր խօսքով՝ համապատասխան գործընթացը աւարտին պիտի հասցուի յառաջիկայ շաբաթներուն։ «Ֆրանսա գիտէ, որ ինչպէս պէտք է առերեսուիլ պատմութեան հետ։ Ան առաջիններէն էր, որ 1915 թուականի հայ ժողովուրդի զանգուածային սպանութիւնները անուանեց ցեղասպանութիւն եւ 2001 թուականին ճանչցաւ օրէնքի ուժով», ըսաւ Մաքրոն։

Հարկ է նշել, որ CCAF-ի ղեկավարութիւնը այս տարուան ընթրիքը կազմակերպած էին՝ նախատեսելով շեշտը դնել Արցախի վրայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019