ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր յետմիջօրէին կը վերադառնայ Հռոմ։ Երեկոյեան ժամերուն ալ, Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։ Ծանօթ է, որ անոնք նախընթաց օր Անգարայի մէջ ընդունուած էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ուղեկցութեամբ։ Այս հանդիպումը շատ լայն արձագանգ ստեղծած է մեր համայնքէն ներս, որովհետեւ օրակարգի վրայ եկած է պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան խնդիրը։ Անգարայէն Պոլիս վերադառնալով բարձրաստիճան հոգեւորականները համայնքային շրջանակներուն տեղեկութիւն փոխանցած են նախարարի հետ տեղի ունեցած զրոյցին շուրջ։ Ընդհանուր առմամբ դրական ու լաւատես մթնոլորտ մը ստեղծուած է համայնքէն ներս, որովհետեւ բարձրաստիճան հոգեւորականները համայնքային շրջանակներուն տեղեկացուցած են նախարար Չավուշօղլուի կողմէ տրուած յուսադրիչ պատգամները։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ առաւօտ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր տեսակցեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ ապագայ հաւանական իրադարձութիւններուն շուրջ։ Նոյնպէս երէկ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր նախաճաշ մը։ Ընդհանուր փոխանորդի կարգադրութիւնով, սեղանին շուրջ համախմբուեցան Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւորները՝ ներառեալ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան այս առթիւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւորներուն հետ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած այս նախաճաշը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի վեղարաւոր հայրերը իրազեկ դառնան վերջին իրադարձութիւններուն։

Բաց աստի, երէկ երեկոյեան երկու սրբազանները եւ հայր սուրբը, որոնք մեկնած էին Անգարա, ընթրիքի սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան մեր խումբ մը յառաջատար բարերարներուն հետ։ Այսպէս, Պետրոս Շիրինօղլու, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Արէտ Երկանեան, Հայկ Ասլանեան եւ Վազգէն Պարըն տեղեկութիւններ ստացան մայրաքաղաքի մէջ ծաւալուած խօսակցութիւններուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ այս անուններուն բոլորն ալ մաս կը կազմեն Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմնին։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, մեր բարերարներն ալ բաւարարուած են երկու սրբազաններուն կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով։ Իրենց մօտ հերթական անգամ գոյացած է այն համոզումը, թէ համայնքէն ներս միասնականութիւնը, կարգապահութեան մթնոլորտը պէտք է ամրապնդուի, որպէսզի կարելի ըլլայ արժեւորել այժմու յուսադրիչ մթնոլորտը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019