ՍԵՐԺ ԹԱՆԿԵԱՆ ԵՒ ԿՈՂԱԿԻՑԸ Կ՚ԱՋԱԿՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԱՊԱՀՈՎ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Աշխարհահռչակ ռաք երաժիշտ Սերժ Թանկեան՝ տիկնոջ Անժելա Թանկեանի հետ, օգնած են Հայաստանի զանազան բնակավայրերու աւելի քան 200 անապահով ընտանիքի: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»՝ ներկայացնելով այս առընչութեամբ տրամադրուած հաղորդագրութիւնը ամբողջութեամբ.

«Արդէն քանիերորդ տարին է՝ Սերժ եւ Անժելա Թանկեանները՝ «Օրրան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան գլխաւորութեամբ եւ «Դասաւանդէ, Հայաստան» հիմնադրամի, «Կանանց աղբիւրային կեդրոն» եւ «Բարի մամա» հասարակական կազմակերպութեան հետ համատեղ՝ կ՚իրականացնեն բարեգործական ծրագիրներ՝ ուղղուած Հայաստանի մէջ աղքատութեան յաղթահարման:

«Հերթական բարեգործութիւնը իրականացուեցաւ 2018-2019-ի ձմրան, որու ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի, Լոռիի, Շիրակի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Արարատի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի, Կոտայքի մարզերու եւ Երեւանի՝ աւելի քան 200 անապահով ընտանիքներ ներառուեցան սննդամթերքով ապահովման եռամսեայ ծրագրին:

«Թանկեան ընտանիքը տարիներ շարունակ եղած է այն հայ ընտանիքներու կողքին, որոնք զանազան պատճառներով յայտնուած են դժուար իրավիճակի մէջ, անգնահատելի եւ երախտագիտութեան արժանի աջակցութիւն ցուցաբերելով անոնց»:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019