ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄ

Իտալահայ 105-ամեայ Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչ դիմում ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Իտալիոյ քաղաքացի է ու ծնած՝ 1915 թուականին։

Հայաստանի Ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Պիչախճեան յայտնեց, որ Նուրհան Եուսուփովիչ փափաքած է ստանալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն եւ պատուով կրել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիրը։ Մնացական Պիչախճեան տեղեկացուց, որ Նուրհան Եուսուփովիչի պարագային կատարուած է բացառութիւն։ «Ի հարկէ, մենք բացառութեան կարգով սահմանուած փաստաթուղթերը դիմումի հետ միասին ընդունեցինք բնակարանին մէջ, առանց զինքը վարչութիւն հրաւիրելու։ Երկարակեցութիւն եւ առողջութիւն կը մաղթենք իրեն», ըսաւ վարչութեան պետը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020