ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելը։ Օրերէ ի վեր կը սպասուէր այս հանդիպման, որու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գար նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Եւրոպական լրատուամիջոցները երէկ առաջնահերթօրէն արձագանգ հանդիսացան այս բանակցութիւններուն՝ շեշտելով, որ կողմերը համաձայն գտնուած են իրենց անհամաձայնութիւններուն շուրջ։ Մոսկուայէ հասած լուրերուն մէջ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ ծաւալուած քննարկումներուն առընչութեամբ՝ հակառակ, որ բանակցութիւններէն առաջ կարեւորութեամբ կը մատնանշուէր այդ խնդիրը։

Ժոզէֆ Պորել զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ օրակարգի վրայ բերաւ ռուս ընդդիմադիր բանտարկուած գործիչ Սերկէյ Նաւալնիի ազատ արձակման հարցն ու ընդհանրապէս ժողովրդավարականացման խնդիրները։ Ռուսական կողմին տեսակէտէ, ընդհանրապէս, նման հարցերու արծարծումը կը համարուի անպատշաճ։ Երէկ Ժոզէֆ Պորել Մոսկուայի մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի ԵՄ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ չկառուցուի «լռութեան պատ» մը։ «Մեր յարաբերութիւնները այժմ բարդ շրջափուլի մէջ են։ Իսկապէս, այժմ մեր յարաբերութիւնները լարուած են՝ ներառեալ Նաւալնիի շուրջ ստեղծուած կացութեան պատճառով, սակայն, մենք իրարու կապուած ենք ո՛չ միայն աշխարհագրականօրէն, այլեւ՝ մշակութային, պատմական եւ տնտեսական առումով։ Հակառակ այս դժուարութիւններուն, մեր միջեւ լռութեան պատ կառուցելը ելք մը չէ։ Այսօր մենք կրնանք քննարկել նոր աշխարհաքաղաքական պայմաններու ներքեւ համագործակցութեան ուղիները, որոնք մեր առջեւ կանգնած են յետպատերազմեան աշխարհի մէջ», ըսաւ Ժոզէֆ Պորել եւ աւելցուց, որ իր այցելութիւնը հնարաւորութիւն մըն է կողմերու համար կարեւոր հարցեր քննարկելու տեսակէտէ։

Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսաստան եւ ԵՄ համաձայնութեան պէտք է հասնին՝ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքի ինքնիշխան պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն շուրջ։ Ռուս նախարարը շեշտեց, որ ԵՄ վստահելի գործընկեր մը չէ Մոսկուայի համար։ Լաւրով խոստովանեցաւ, որ Ռուսաստան արդէն սովոր է ԵՄ-ի՝ օրինական հիմքէ զուրկ, միակողմանի սահմանափակումներուն։ Ըստ իրեն, ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու միջեւ համերաշխութեան սկզբունքը Նաւալնիի գործի վերաբերեալ անոնց միասնական դիրքորոշման պատճառ դարձած է, սակայն եւրոպացի քաղաքական գործիչներուն մեծամասնութիւնը լաւ կը հասկնայ նման մօտեցման անհեթեթութիւնը։

Ժոզէֆ Պորելի Մոսկուա այցելութիւնը այսօր արդէն եզրափակուած է։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021