ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Երեւան կը կարեւորէ Եւորասիոյ տնտեսական միութեան ներքին շուկաներու պաշտպանութեան ընդհանուր մօտեցման մշակումը։ Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Ալմաթիի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի հերթական ժողովին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստ է համարկման գծով իր գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութիւն ծաւալելու։

Երէկուան ժողովին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ «Տիճիթըլ Ալմաթի 2021» համաժողովը։ Նիկոլ Փաշինեան այս փուլին ալ յայտնեց, որ պէտք է ձգտիլ, որպէսզի թուային մակարդակի վրայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու միջեւ սահմանները վերանան։

Եւրոասիոյ Միջկառավարական խորհուրդի յաջորդ ժողովը նախատեսուած է Ռուսաստանի մէջ։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան եւ անոր յաջորդած՝ Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման աշխատանքներուն։ Լաւրով եւ Այվազեան շօշափեցին նաեւ Մոսկուայի մէջ փոխ-վարչապետներու մակարդակով տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման արդիւնքները։ Անոնք կանգ առին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին ու հեռանկարներուն եւ միջազգային հարցերու շուրջ համագործակցութեան վրայ։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021